Սրբազան Պապին ցաւակցագիրը Կարդինալ Լուսիան Մուրեշանի մահուան առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Փառք կու տամ Աստուծոյ Եկեղեցւոյ այս հաւատարիմ զաւկին համար, որ չի վարանեցաւ ոչ իսկ հալածանքներու ժամանակ»։ Այս տողերը կը կարդանք Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապին ցաւակցագիրին մէջ զոր Ան յղած է Ռումանիյաի Յոյն Կաթողիկէ Աւագ Արքեպիսկոպոսութեան կառավարիչ` Գերապ. Քրիսթեան Տումիթրու Քրիչանին, հայող անցեալ 25 սեպտեմբերին իր մահկանացուն կնքած Կարդինալ Լուսիան Մուրեշանին, որուն համար Քահանայապետը մօտիկութիւն արտայայտած է բոլոր քահանաներուն ու հաւատացեալներուն, որոնց «Գերերջանիկ Կարդինալը եղաւ Հայր ու Ղեկավար»։
Լեւոն ԺԴ.ը հիացումով յիշած է Ծիրանաւորին քաջութեամբ կրած «դժուարութիւններն ու նուաստացումները», փորձանքներու տարիներու ընթացքին, «երբ ան շարունակեց ծառայել Քրիստոսին` նոյնիսկ իր ազատութիւնը վտանգի տակ դնելով».
«Անոր Քահանայութիւնը, յատկանշուած աւետարանական համբերութեամբ ու նուիրումով բացայայտեց անխափան սէր մը հանդէպ Քրիստոսին ու Եկեղեցւոյ, լուսաւորելով հաւատացեալներու սերունդներ» նշած է Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիրին մէջ, որուն աւարտին իր աղօթքները վստահեցուցած է հանգուցեալի հոգւոյն հանգստեան համար` «բարի եւ արթուն ծառայ, որ գիտցաւ իր կեանքը նուիրել նոյնիսկ տառապանքի մէջ, վստահութեամբ յանձնուելով Երկնային Հօր ձեռքերուն մէջ»։
«Վստահ եմ, որ Ռումանիայի Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ նահատակներու և երանելիներու ուղեկցութեամբ ան պիտի ընդունուի յաւիտենական թագաւորութեան ուրախութեան մէջ» գրած է ապա Նորին Սրբութիւնը հեռագիրի աւարտին, զոր եզրափակած է իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր անոնց` որոնք պիտի մասնակցին անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան ու անոնց` որոնք կը փորձարկեն անոր մահուան ցաւը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
