Որոնել

card.-newman.jpg

Աղօթենք կրօնուսոյցներուն համար։ Յառաջիկայ մէկ նոյեմբերին Ժոն Հենրի Նիումանը կը հռչակուի Եկեղեցւոյ Վարդապետ

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց կրօնուսոյցներուն, յիշեց ասիական ցամաքամասը հարուածող մրրիկը ու յայտարարեց Հերնի Նիումանի Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետի տիտղոսի տուչութիւնը յառաջիկայ մէկ նոյեմբերին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 28 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան կրօնուսոյցներու Յոբելենական ուխտագնացութեան առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած ուխտագնացութիւնը եզրափակող պատարագի աւարտին, որուն ընթացքին Ան աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած 39 աշխարհականներու շնորհեց կրօնուսուցման առաքելութիւնը, Նորին Սրբութիւնը ուզեց յատուկ ողջոյն մը ուղղել պատարագին մասնակցող աւելի քան 50 հազար ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մասնակցութեան համար, յատուկէն շնորհակալ ըլլալով կրօնուսոյցներուն որոնց շարքին անոնք` որոնք այսօր ստանձնեցին կրօնուսուցման առաքելութիւնը։

Շնորհակալութիւն ձեր Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեան համար

«Ձեր հետ միասին կ՛ուզեմ բարի ծառայութեան ջերմ ողջոյն մը ուղարկել աշխարհի համայն Եկեղեցւոյ կրօնուսոյցներուն։ Շնորհակալութիւն ձեր Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեան համար։ Աղօթենք անոնց համար ու մասնաւորապէս անոնց` որոնք կը գործեն դժուար պայմաններու մէջ։ Աստուած օրհնէ բոլորը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու ողջունեց պատարագի մասնակցող միւս ուխտաւորներու խումբերը։

Ասիական ցամաքամասը հարուածող մրրիկը

Ան ապա յիշեց վերջին օրերուն ասիական մի քանի տարածքները հարուածած բացառիկ ուժեղ թայֆունը, մասնաւորապէս Ֆիլիփինեան կղզեխումբը, Թայուանը, Հոնքոնկը, Կուանտոնկի շրջանը և Վիեթնամը հաւաստիացնելով իր մօտիկութիւնը  տուժած բնակչութեան,  «յատկապէս ամէնաաղքատներուն», ըսաւ Ան ու աղօթքը ապահովեցուց` զոհերուն, անհետ կորածներուն, բազմաթիւ տեղահան եղած ընտանիքներուն, դժուարութիւններ կրած բազմաթիւ մարդոց ինչպէս նաև փրկարարներուն և քաղաքացիական իշխանութիւններուն։

Հերնի Նիումանը Եկեղեցւոյ Վարդապետ

«Ես բոլորին կոչ կ՛ընեմ վստահիլ Աստուծոյ և ցուցաբերել զօրակցութիւն։ Թող Տէրը ձեզի ուժ և քաջութիւն պարգեւէ յաղթահարելու ցանկացած դժուարութիւն» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. ապա յայտարարեց որ յառաջիկայ մէկ նոյեմբերին, Կրթական աշխարհի Յոբելեանի շրջագիծէն ներս, ինք Եկեղեցւոյ Վարդապետի կոչումը պիտի շնորհէ Սուրբ Ժոն Հենրի Նիումանին, որ վճռորոշ ներդրում ունեցաւ աստուածաբանութեան վերանորոգման և քրիստոնէական Վարդապետութեան ըմբռնման մէջ՝ անոր զարգացման ընթացքին։

Քահանայապետը ապա նախ քան Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը հրաւիրեց բոլորը իրենք զիրենք յանձնելու Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան։ «Ան որ եղաւ մայր եւ Յիսուսի առաջին աշակերտուհի թող թիկունք կանգնի Եկեղեցւոյ հաւատքը հռչակելու յանձնառումին» ըսաւ Քահանայապետը։

 

Ճոն Հէնրի Նիումանը, եղած է լ Լատին Եկեղեցւոյ Կարդինալ, Աստուածաբան եւ փիլիսոփայ։

Ան նկատուած է տասնիններորդ դարու մեծագոյն քրիստոնեայ մտաւորականներէն մին ու նաեւ քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ կաթողիկէ հաւատքի ամենահեղինակաւոր ջատագովներէն մէկը։

Իր հանդուրժողականութեան, նրբանկատութեան և հսկայական մշակոյթին համար անոր կերպարը և անոր հսկայական աշխատանքը լայնօրէն գնահատուած են նոյնիսկ ոչ կաթողիկէ շրջանակներէն ներս։

Անոր դամբանաքարին վրայ կը կարդանք հետեւեալ խօսքերը՝ “Ex umbris et imaginibus in veritatem” (Ստուերէն եւ լուսապատկերներէն դէպի ճշմարտութիւն)։

Երանելի Նիումանի կեանքը եղած է ուխտագնացութիւն մը դէպի ճշմարտութիւն։ Ան ծնած է Լոնտոնի մէջ 1801 թուականին։ Երիտասարդ տարիքին ձեռնադրուած է սարկաւագ Անկլիքան Եկեղեցւոյ։ Խոկումի եւ աղօթքի երկար ճանապարհ մը կտրելէ ետք կ՝ընդունի կաթողիկէ դաւանանքը։ 1847ին կ՝օծուի քահանայ։ Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Պապը անոր կը շնորհէ կարդինալական աստիճան։ Մահացած է 1890 թուականի օգոստոս 11ին, Պիրմինկհամի մէջ։ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը, 2010ի սեպտեմբերի 19ին զայն կը դասէ երանելիներու շարքին ապա 13 հոկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապը կը նաշխագհէ անոր Սրբադասման արարողութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2025, 12:13