Insediamento di papa Leone XIV, le delegazioni

Վատիկան. Քահանայապետը կը խրախուսէ հաշմանդամ անձանց աշխատանքային ընդելուզումը

Նոր դրոյթները` որոնք արդիւնքն են ULSA – ի (Սուրբ Աթոռի աշխատանքային սենեակի) Խորհուրդի որոշումներուն, կը սահմանեն, որ հաշմանդամութիւնը չի խոչընդոտեր զբաղուածութիւնը, նախատեսելով անոնց ներառման նպաստող յատուկ միջոցառումներ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հրամանագիրով մը, վաւերացուց նոր կանոննե`ր որոնք կը խթանեն հաշմանդամ անձանց աշխատանքային ընդելուզումը Սուրբ Աթոռի և Վատիկան Պետութեան հաստատութիւններէն ներս:

Նոր դրոյթները` որոնք արդիւնքն են ULSA – ի (Սուրբ Աթոռի աշխատանքային գրասենեակի) Խորհուրդի որոշումներուն, կը սահմանեն, որ հաշմանդամութիւնը չի խոչընդոտեր զբաղուածութիւնը, նախատեսելով համշամդամ անձանց ներառման նպաստող յատուկ միջոցառումներ:

Փոխելով նաեւ Հռոմի Քուրիայի ընդհանուր կանոնակարգը. . այլևս պարտադիր չէ «լաւ առողջութիւն», այլ՝ «ֆիզիկական և մտաւոր պատրաստութիւն պարտականութիւններու կատարման համար»։ Այս կանոնակարգերը, որոնք արդեն ուժի մէջ են, կը լրացնեն անցեալ օգոստոսին Վատիկանի մէջ աշխատող ծնողներու իրաւունքները ամրապնդելու համար ընդունուած կանոնները։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2025, 14:23