Որոնել

 Քենթի դքսուհի Քաթարինի յուղարկաւորութեան ժամանակ Քենթի դքսուհի Քաթարինի յուղարկաւորութեան ժամանակ  (PAUL GROVER)

Լեւոն ԺԴ. Պապին ցաւակցական հեռագիրը Անգլիոյ Շարլ Գ թագաւորի, Քենթի դքսուհի Քաթարինի յուղարկաւորութեան կապակցութեամբ։

Ցաւակցական հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Անգլիոյ թագաւորին, Դքսուհիին ընտանեկան պարագաներուն ապահովուելով իր աղօթքը ցաւի ու կարեկցանք այս դժուար պահերուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Շարլ Գ թագաւորին, Քենթի դքսուհի Լաթարինի յուղարկաւորութեան կապակցութեամբ։

Ցաւակցական հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Անգլիոյ թագաւորին, Դքսուհիին ընտանեկան պարագաներուն ապահովուելով իր աղօթքը ցաւի ու կարեկցանք այս դժուար պահերուն։

Հեռագիրին մէջ քահանայապետը նշեց, որ ցաւօք իմանալով Նորին Թագաւորական մեծութիւն, Քենթի դքսուհի մահուան մասին, իր խոր ցաւը կը յայտնէ Քարլ Գ թագաւորին, թագաւորական ընտանիքին անդամներուն եւ յատկապէս Քենթի դքսուհի ամուսինին, երեխաներուն ու թոռնիկներուն ապահովուելով իր աղօթքը այս կարեկցանքի ու վիշտի պահուն։

Նորին Սրբութիւնը հեռագրին մէջ նշեց որ Դքսուհիին ազնիւ հոգին Հօր ողորմածութեան յանձնելով ուրախութեամբ կը միանայ բոլոր անոնց որոնք գոհութիւնը կը յայտնեն Ամենակարող Աստուծոյ դքսուհիի քրիստոնէական բարութեան ժառանգութեան համար, որ դրսեւորած է իր պաշտօնական պարտականութիւններուն մէջ երկար տարիներուն ընթացքին, նուիրուածութեամբ, բարեգործական կազմակերպութիւններուն հովանաւորութեամբ եւ հասարակութեան խոցելի խումբերուն նկատմամբ իր նուիրուած հոգատարութեան մէջ։ ։

Քահանայապետը հեռագիրը աւարտեց իր առաքելական օրհնութիւնը տալով բոլոր անոնց որոնք, Յարութեան անսասան յոյսով կը սգան դքսուհին կորուստը, որպէս Յարութիւն առած Տիրոջ մխիթարութեան եւ խաղաղութեան գրաւական։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2025, 11:14