Լեւոն ԺԴ Պապին ուրախութիւնը Քարմելիթեան 16 կրօնաւորուհիներուն սրբադասման համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով հեռագիր ուղղեց Կոմբիէնի Քարմելիթեաններուն 16 կրօնաւորուհիներուն սրբադասման կապակցութեամբ
Հեռագիրին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Լեւոն ԺԴ. Պապին ուրախութիւն յայտնեց Քոմիէնի Քարմելիթեան 16 կրօնաւորուհիներուն սրբադասումին համար, որոնք նահատակուեցան Ֆրանսայի մէջ յեղափոխութեան ժամանակ։
Կարդինալ Փարոլին նշեց թէ ԼեւնոՆ ԺԴ Պապը կը շեշտէ թէ ինչպէս անոնց հերոսական զոհաբերութիւնը, որ տեղի ունեցաւ աւելի քան 2 դար առաջ, հիացմունք պատճառեց նոյնիսկ բանտարկեալներուն շրջանակէն ներս, բանալով ուղին դէպի Աստուածային։
Հաւատք եւ եղբայրսիրութիւն մարտիրոսութան մէջ։
Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը նշեց որ կրօնաւորուհիները դիմագրաւեցին մահը՝ հոգիի անդորրութեամբ, որ անոնց խոր հաւատքի, յոյսի եւ բարեգործութեան պտուղն է։ Անոնք Աստուած փառաբանեցին երգերով, սաղմոսներով, ցոյց տալով ներքին խաղաղութիւն, որ տպաւորեց ներկաները։
Ծիրանաւորը գրեց, թէ 16 կրօնաւորուհիներու նահատակութիւնը պարզ մահապատիժ չէ, այլ կամաւոր զոհաբերութեան գագաթնակէտ։ Կրօնաւորուհիները իրենց կեանքը նուիրեցին Աստուծոյ՝ անձնուիրումով, որպէսզի խաղաղութիւն վերականգնի եկեղեցւոյ եւ պետութեան մէջ։ Չնայած որ անոնք ամէն բանէ զրկուեցան, անոնk մնացին հարուստ կրօնական ուխտերով։
Հեռագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց 16 նահատակ կրօնաւորուհիներուն վերջինը զոհաբերուեցաւ մեծաւոր մայրը, ժպիտ պարգեւելով իր դահիճներուն, ներելով անոնց ամբողջ սիրտով։
Ներումի եւ երախտագիտութեան այս ժեսթը, ցոյց կու տայ թէ ինչպէս անարդար տառապանքի մէջ կարելի է գտնել նոր կեանքի սերմեր։
Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը եզրափակեց փոխանցելով Քահանայապետի հրաւէրը հաւատացեալներուն սորվելու այդ կրօնաւորուհիներէն երջանկութիւն ու ուրախութիւն որ կը յառաջանայ ամբողջութեամբ Աստուծոյ նուիրուած ներքին կեանքէն։։
Ծիրանաւորը հեռագիրը աւարտեց փոխանցելով Լեւոն ԺԴ Պապին առաքելական օրհնութիւնը «Նոթր Տամ» տաճարին մէջ հաւաքուած բոլոր հաւատացեալներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք հեռուէն կը մասնակցին արարողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
