Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հոնտուրասի հանրապետութեան նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ 19 սեպտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հոնտուրասի հանրապետութեան նախագահ, Տիկին Իրիս Քսիոմարա Քասթրօ Սարմիենթօ։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տարած յայտարարութեան մէջ կը կարդանք որ Պետական քարտուղարութենէն ներս կայացած հանդիպումի ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ Հոնտուրասի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ բարի յարաբերութիւններուն։ Այնուհետեւ քննարկուեցաւ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան դերը ընկերային, կրթական եւ գաղթականներուն խնամքի ոլորտներէն ներս։
Շօշափուեցան երկրի եւ տարածաշրջանի ներկայ ընկերային քաղաքական իրավիճակի վերաբերող փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ թեմաներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
