Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Կուինէա Պիսսաու հանրապետութեան նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 29 սեպտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Կուինէա Պուիսսաու հանրապետութեան նախագահ, տիար Ումարօ Սիսսոքօ Էմպալօ։
Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Գերպ Միրոսլավ Վաչովսքիի։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներուն ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Կիէնէ Պուիսաու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները՝ նշելով Եկեղեցւոյ ներդրումը համընդհանուր բարօրութեան գործին մէջ, մասնաւորապէս կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտէն ներս։
Հանդիպումի ընթացքին կեդրոնացան երկրի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակի որոշ երեւոյթներու վրայ ու միտքեր փոխանակեցին միջազգային ժամանակակից հարցերու շուրջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
