Հրապարակային ունդհանուր ունկնդրութիւն Հրապարակային ունդհանուր ունկնդրութիւն  (@Vatican Media)

11 հոկտեբերին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Վարդարանի աղօթք խաղաղութեան համար. Լեւոն ԺԴ.

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ Պապը յիշեցնելով որ Հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է վարդարանի աղօթքին, հրաւիրեց ամսուան ընթացքին ամէն օր աղօթելու վարդարանը զայն նուիրելով խաղաղութեան դիտաւորութեան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոս տաճարին հրապարակին վրայ կատարած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ Պապը տարբեր լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակը գտնուող Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորները յիշեցուց, որ հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին ու հրաւիրեց ամէն օր արտասանելու այդ աղօթքը անձամբ, ընտանիքի եւ հասարակութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց որ 11 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոս տաճարին հրապարակին վրայ պիտի նշուի Մարեմական հոգեւորականութեան յոբելեանը ու պիտի յիշատակուի Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի տարեդարձը։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, հոկտեմբեր ամիսը՝ որ արդեն կը մօտենայ, յատկապէս նուիրուած է Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։ Հետեւաբար ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ, յառաջիկայ ամիսը ամէն օր աղօթելու վարդարանի  աղօթքը խաղաղութեան համար՝ անձամբ, ընտանիքներու, հասարակութեան մէջ։ Կը հրաւիրեմ նաեւ Վատիկանի մէջ ծառայողները ապրելու այս աղօթքը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, ամէն օր երեկոյեան ժամը 7ին։ Մասնաւորապէս շաբաթ օրը՝ 11 հոկտեմբերին, ժամը 18ին, հոս Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի կատարենք Մարեմական հոգեւորականութեան յոբելեանը, յիշելով նաեւ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը»ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Նշենք, որ հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ Հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցող հիւանդներուն հետ ու անոնց ուղղեց ողջոյնի խօսք մը նշելով «Կ՝օրհնեմ ձեզ իւրաքանչիւրդ, որ այսօր առաւօտեան հոս եկած էք։Շատ ուրախ եմ ձեր հետ գտնուելուս համար, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այստեղ գտնուելու համար։ Այժմ դուրսը արեւ կայ ու  կ՝ըսեն թէ անձրեւ պիտի գայ, ուստի կ՝ուզենք, որ դուրք տանիքի մը տակ գտնուիք։ Առանց երկարաձգելու, Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեզի բոլորիդ, թող Տէրը մեծ խաղաղութիւն տայ ձեր սիրտերուն, շնորհակալութիւն», ըսաւ Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2025, 11:35