Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը Մխիթարութեան Յոբելեանին նուիրուած աղօթքի հսկումի ընթացքին։

Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին հանդիսապետութեամբ Մխիթարութեան Յոբելեանին նուիրուած աղօթքի հսկում։ Քարոզին մէջ Քահանայապետը խնդրեց ազգերու առաջնորդներէն որ լսեն այդքան շատ անմեղ երեխաներու աղաղակը, որ բռնութեան թիրախ են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի` 15 սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը հինգին, Վատիկանեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հանդիսապետեց Մխիթարութեան Յոբելեանին նուիրուած աղօթքի հսկումը, որ Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան կեդրոնական ձեռնարկ մըն է նուիրուած բոլոր անոնց` որոնք կը դիմագրաւեն, ցաւը, սուգը, աղքատութիւնն ու տառապանքը։

Մխիթարութեան զօրութիւնը, յոյսը գտնել ցաւի մէջ

Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզը Նորին Սրբութիւնը սկսաւ ըսելով, որ Եսայի մարգարէն մեզ կը հրաւիրէ «Մխիթարել իմ ժողովուրդը»։ Այս կոչը որ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Քրիստոնէական պատգամին մէջ մեզ կը մղէ ըլլալու Աստուծոյ մխիթարութեան կրողներ՝ վիշտով, հիւանդութեամբ, սուգով յատկանշուած աշխարհին մէջ, ըսաւ Ան, մատնանշելով, որ Աստուածային մխիթարութիւնը որ մարմնաւորուած է Քրիստոսի մէջ, կը գործէ որպէս բարի սամարացի, որ կը հոգ կը տանի մեր վէրքերուն, շնորհելով մեզի մօտիկութիւն ու երբեք չի լքեր մեզ նոյնիսկ ամենամութ պահերուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել տուաւ, որ յաճախ ցաւի առջեւ, խօսքերը աւելորդ կը թուին ու այս պահերուն արցունքներուն լեզուն խոր իմաստ կը ստանայ յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին այն խօսքը, որ արցունքները տկարութեան նշան չէ, այլ մեր տխրութիւնն ու յոյսի կարիքը արտայայտելու միջոց որոնք նոյնիսկ կարող են դառնալ «ակնոցները» Յիսուսը տեսնելու համար, պատրաստելով մեր սիրտը աւելի խորաթափանց աւելի հոգեւոր տեսլականի համար։ Լալը, մաքրագործելու եւ ազատագրելու գործողութիւն է, լեզու մը, որ կ՝արտայայտէ մեր վիրաւոր մարդկութիւնը, բայց կը շարունակէ ըղձալ ուրախութիւն մը, ըսաւ Քահանայապետը։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ չարիքի դիմաց, անխուսափելիօրէն կ՝առաջանան «ինչո՞ւ ես» հարցումները։ Սուրբ Օգոստինոսի փորձառութիւնը, որ չարի ծագումի հարցով տանջուած ըլլալով,անսասան մնաց իր հաւատքին մէջ, մեզի ցոյց կու տայ ուղի մը։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ մեկուսացնող հարցերը վերածելու աղօթքներուն եւ ողբերու, որոնք կամուրջ կը ստեղծեն դէպի երկինքը։ Եկեղեցւոյ մէջ՝ որ բաց երկինք է Յիսուսի մէջ կը գտնենք Աստուծոյ կամուրջը դէպի մեզի։ Այստեղ է, որ մխիթարութիւնը կը հասնի մեզի, պահպանելով մեր հաւատքը, որ կարող է թուիլ անորոշ եւ տատանող, ինչպէս նաւը փոթորիկի մէջ։

Համայքի ուժը եւ ներողամտութիւնը

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ մենք երբեք մինակ չեն վիշտի մէջ։ Մխիթարութիւնը կը գտնուի համայնքի մէջ՝ մեր գլուխը դնելով անոնց ուսերուն վրայ, որոնք կը սգան մեր հետ եւ ուժ կու տան մեզի։ Յոյսը կը ծնի հաղորդութենէն եւ այս յոյսը երբեք չի հիասթափեցնէր։ Կեանքի վկայութիւնները մեզի կը սորվեցնեն, որ ցաւը պէտք չէ հանգեցնէ բռնութեան։ Ներողամտութիւնը նոյնիսկ աննկարագրելի դաժան պայմաններուն մէջ կ՝ազատագրէ , որ կը կանխէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը երկրի վրայ։ Ան չի ջնջեր մեր կրած բռնութիւնը, բայց մեր ապագան աւելի լաւ կը դարձնէ, սպասելով Տիրոջ, որ արցունքները կը սրբէ։

Դառնալ մխիթարութեան եւ խաղաղութեան գործիչներ

Լեւոն ԺԴ. Պապը յարեց թէ Աստուծոյ մխիթարութիւնը ստանալը մեզի հնարաւորութիւնը կու տալ մխիթարելու ուրիշները ։ Սա կը յիշեցնէ չ՝ապաւինելու միայն մեր սեփական ուժերուն այլ թոյլ տալ Աստուծոյ, որ մեր մէջ գործէ։

Սրբազան Հայրը ապա նշեց որ արարողութեան աւարտին պիտի նուիրէ Գառնուկ Յիսուսի փոքրիկ պարգեւը «Դա նշան է որ կրնանք մեր տուներուն մէջ դնել յիշելու համար ,որ Յիսուսի խորհուրդը, մահունէ մինչեւ Յարութիւնը, բարիի յաղթանակն է չարի դիմաց։ Ան գառն է , որ Սուրբ Հոգին կը շնորհէ, Մխիթարիչը, որ երբեք չի լքեր, մեզ կը մխիթարէ կարիքներուն մէջ եւ կը զօրացնէ իր շնորհքով։

Եզրափակելով իր քարոզը Քահանայապետը յարեց. «Սիրելիներ, ինչպէս կայ անձնական ցաւը, այնպէս ալ մեր օրերուն կայ ամբողջ ժողովուրդներուն համատեղ վիշտը, որոնք բռնութեան, սովի եւ պատերազմի ծանրութենէն ճնշուած խաղաղութիւն կ՝աղերսեն։ Դա հսկայական աղերս է, որ մեզ յանձնարարէ աղօթելու եւ գործելու, որպէսզի բռնութիւնը դադրի եւ տառապողները կարողանան խաղաղութիւնը գտնել։ Իսկական մխիթարութիւնը, որ մենք պէտք է կարողանանք փոխանցել, ցոյց տալն է ,որ խաղաղութիւն հնարաւոր է եւ որ կը ծաղկի մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ, եթէ այդ մենք չխեղդենք։ Թող ազգերու առաջնորդները յատկապէս լսեն այդքան շատ անմեղ երեխաներու աղաղակը՝ անոնց ապահովելու համար ապագայ մը, որ կը պաշտպանէ եւ կը մխիթարէ զիրենք»։

Լեւոն ԺԴ Պապը քարոզը աւարտեց հաստատելով որ այսքան ամբարտաւանութեան մէջ վստահ ենք, որ Աստուած պակաս պիտի չ՝ընէ սէրեր ու ձեռքեր, որոնք օգնութիւն եւ մխիթարութին կը բերեն, խաղաղարարներ որոնք կարող են հանգստացնել ցաւի եւ տխրութեան մէջ գտնուողները եւ միասին, ինչպէս Յիսուս մեզի սորվեցուց, աւելի ճշմարտութեամբ պիտի հայցենք, «Թող գայ քու Արքայութիւնդ»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2025, 19:02