Ունկնդրութիւն, խոնարհութիւն եւ միութիւն. Սրբազան Պապը բացումը կատարեց Օգոստինեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովին։

«Թող ոչ ոք չմտածէ, որ ինքն ունի բոլոր պատասխանները։ Թող բոլորը բացայայտօրէն կիսեն իրենց ունեցածը։ Թող բոլորը հաւատքով ընդունին այն, ինչ որ Տէրը կ՛ ոգեշնչէ», - ըսաւ Սրբազան Պապը։ «Ձեր գործողութիւնները ստուգող չափանիշը թող ըլլայ այն ինչ որ կը միացնէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, մէկ սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը վեցին, Հռոմի «Սուրբ Օգոստինոս» տաճարին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապին գլխաւորութեամբ մատուցուած Պատարագով բացումը կատարուեցաւ, Օգոստինեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովին։

Հայցել ունկնդրութեան պարգեւը

Սուրբ Զոհի ընթացքին Սրբազան Քագանայապետը նախ քան պատրաստուած գրաւոր քարոզը արտասանելը անգլերէն լեզուով յատուկ ողջոյն մը ուղղեց իր «օգոստինեան եղբայրներուն» ու հրաւիրեց որ աղօթեն որպէսզի ընդունին Սուրբ Հոգիին պարգեւը «ոչ թէ բոլոր լեզուները հասկնալու կամ խօսելու պարգեւը, այլ լեսելու պարգեւը, խոնարհութեան պարգեւը եւ միութիւնը խթանելու պարգեւը, Միաբանութեանէն ներս եւ Միաբանութեան միջոցաւ համայն Եկեղեցւոյ եւ Աշխարհին մէջ»։

Ընդհանուր ժողովին մթնոլորտը ներդաշնակ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններու հետ

Ան ապա մաղթեց, որ սուրբ Պատարագը շնորհքի առիթ հանդիսանայ Օգոստինեան միաբանութեան եւ ողջ եկեղեցւոյ համար ապա խօսքը կեդրոնացուց Պենտեկոստէի վրայ նշելով որ «Այսօր Սուրբ Հոգին կը խօսի ինչպէս անցեալին ու այս կը կատարէ սրտի խորութեան, եղբայրներուն եւ կեանքի հանգամանքներուն միջոցաւ ու այդ պատճառով է, որ ընդհանուր ժողովի մթնոլորտը պէտք է ներդաշնակ ըլլայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններու հետ ունկնդրութեան, Աստուած եւ ուրիշները լսելու միջավայրը»։

Ոչ մէկը պէտք է մտածէ, որ ունի բոլոր պատասխանները

Քահանայապետը ապա մաղթեց` որ ընդհանուր ժողովին օրերը ապրուին անկեղծ ջանքեր գործադրելով ու այդ կատարել որպէս վեհանձն պատասխան շնորհքի եւ եզակի պարգեւին, որ «Երկնային Հայրը կը կատարէ ձեզ հոս կոչելով բոլորին բարօրութեան ի սպաս»։ Ասկէ մեկնալով Քահանայապետը հրաւիրեց ընդհանուր ժողովին մասնակցելու հեզութեամբ ըսելով. «Ոչ մէկը պէտք է մտածէ, որ ունի բոլոր պատասխանները։ Թող բոլորը հաւատքով ընդունին, այն ինչ, որ Տէրը կը ոգեշնչէ, գիտակցելով որ «ինչքան բարձր է երկինքը երկրէն, այնքան բարձր են Անոր Ճանապարհները եւ Անոր միտքերը մեզմէ»։

Միութեան արժէքը

Ակնարկելով ապա օրուան սուրբ Գրային ընթերցումներուն Քաղուած Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղած նամակէն Քահանայապետը անդրադարձաւ միութեան արժէքին, մաղթելով` որ միութիւնը դառնայ իւրաքանչիւրին եւ բոլորին ջանքերուն անփոխարինելի առարկան, ինչպէս նաեւ գործողութիւններուն եւ համատեղ աշխատանքի ստուգութեան չափանիշը։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց նշելով, որ ունկնդրութիւնը, խոնարհութիւնը եւ միութիւնը այսօր ծիսական օրուան առաջարկած երեք օգտակար յառաջիկայ օրերուն համար առաջարկներ են, ու հրաւիրեց այս առաջարկները ապրիլ վերանորոգելով իրենց Աղօթքը առ Աստուած։

Սուրբ Պատարագի աւարտին,  Քահանայապետը այցելեց Սուրբ Օգոստինոսի տաճարի կողքին գտնուող Անճէլիքա գրադարանը եւ Իտալիոյ Պետական դատախազի գրասենեակի շէնքը, որ կը պատկանէր Օգոստինեան միաբանութեան։ Այստեղ՝ Վանիթելլի դահլիճին մէջ, որ նախապէս կրօնաւորներուն սեղանատուն էր, Նորին Սրբութիւնը երեկոյեան ընթրիքը կիսեց կրօնաւորներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2025, 18:40