Լեւոն ԺԴ. Մեր Կեանքի որակը կախեալ է սէրէն

Նորին Սրբութեան պատկերասփռուած պատգամը Չիքակոյի մէջ «Les Turner ALS» հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած «Քայլարշաւ յանուն կեանքի» տարեկան միջոցառումի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Չիքակոյի մէջ «Les Turner ALS» հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած «Քայլարշաւ յանուն կեանքի» տարեկան միջոցառումի մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խոր հիացմունք եւ երախտագիտութիւն յայտնեց վերջին տասնեակ տարիներու ընթացքին կողմնային ամիոտրոֆիկ կարծրախտ հիւանդութեան հետազօտութիւններուն մէջ արձանագրուած նշանակալի առաջընթացքի համար։

«Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին՝ օգտագործելով ձեր ողջ գիտելիքներն ու կարեկցանքը՝ շարժիչային ջիղերու հիւանդութիւնները հասկնալու ու անոնց պատճառած հիւանդութիւններուն տառապանքը մեղմացնելու համար, դուք զգալի առաջընթաց գրանցեցիք»։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղելով, բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, ֆիզիոթերաբիթներուն, ընկերային գործիչներուն ըսաւ «Ձեր հոգատարութիւնն ու կարեկցանքը ALS-ով եւ այլ շարժիչային ջիղերուն հիւանդութիւններով տառապողներու նկատմամբ ոգեշնչում աղբիւր է ինծի եւ շատ ուրիշներուն համար։
Ինչպէս կ՝ըսեմ մեր մուսուլման ընկերները «Հատիս»ի մէջ, որ 70,000 հրեշտակներ ներկայ են երբ խնամողները առաւօտեան կը հասնին։ Եւս 70,000 հրեշտակներ կը հասնին երեկոյեան։ Ես կը հաւատամ որ դուք նոյնպէս հրեշտակներ էք։ Դուք մեզի ցոյց կու տաք մարդկութեան լաւագոյն կողմը։ Դուք բարի սամարացիներն էք, որուն մասին Յիսուսը մեզի խօսեցաւ»։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղեց անոնց, որոնք կը կ՝ապրին ու կիսեն ՍԼԱ հիւանդութեամբ տառապողներուն հետ, ըսելով անոնց որ իրենք իր մտածումներուն եւ աղօթքներուն մէջ են։

Ձեր տառապանքները հնարաւորութիւն կու տան բացայայտելու եւ հաստատելու խոր ճշմարտութիւն մը, մարդկային կեանքի որակը կախուած չէ ձեռք բերուած արդիւնքներէն։ Մեր Կեանքի որակը կախեալ է սէրէն»։

Խօսքը ուղղելով սգաւորներուն, որոնք կը ողբան ՍԼԱ  հիւանդութեան հետեւանքով մեռած իրենց սիրելիներուն կորուստը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

«Ձեր սէրը կը մաքրազտուի ձեր ծառայութեամբ՝ ապա ձեր սուգով։ Դուք սորվեցաք եւ ամէն օր թափանցեցիք ամենախոր առեղծուածին մէջ, մահը վերջին խօսքը չէ։ Սէրը կը յաղթէ մահուան։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով «Les Turner ALS» հիմնադրամի՝ սոյն հաւաքին համար։ «Թող այս հանդիպումը օրհնութեան աղբիւր ըլլայ բոլորիս համար»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2025, 17:30