Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահին միջեւ հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 5 սեպտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահ, Տիար Քարոլ Դատէուսզ Նավրոչքին։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի համաձայն, Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներուն ընթացքին ուշադրութեան կեդրոն եղաւ երկրի ընկերային քաղաքական իրավիճակը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով այն արժէքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է Լեհական համայնքը։ Քննարկուեցան միջազգային թեմաներ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ հակամարտութեան եւ Եւրոպայի անվտանգութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2025, 13:48