Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Ընդունեց Գերմանիոյ հանրապետութեան նախագահը

Լեւոն ԺԴ. Պապիը Վատիկանի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ դաշնային հանրապետութեան նախագահն ու կողակիցը։։

Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Գերմանիոյ դաշնութեան հանրապետութեան նախագահն ու անոր կողակիցն։

Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Գերմանիոյ նախագահը տեղեկացուց նշեց որ ինք հնարաւորութիւն ունեցաւ զրուցելու Լեւոն ԺԴ-ի հետ եւ «կիսել կարծիքներ, մասնաւորապէս համաշխարհային իրավիճակի, պատերազմի եւ խաղաղութեան ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն իրավիճակի վերաբերեալ։ Նախագահը աւելցուց որ հանդիպումի ընթացքին մասնաւորապէս քննարկեցին ե Ուքրանիոյ պատերազմը, Ուքրանացի ժողովուրդի տառապանքները եւ հրադադարի ու արդար խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Քննարկուած է նաեւ Կազայի մէջ մարդկային իրավիճակը։

Գերմանիոյ դաշնային հանրապետութեան նախագահը մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ միջազգային այս իրավիճակի մէջ Քահանայապետին ձայնը կարեւոր է, որպէս երկխօսութեան եւ միջնորդութեան գործօն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2025, 13:52