Լեւոն ԺԴ. Մեզի անհրաժեշտ է «մարդկային դաշինք», հիմնուած ոչ թէ իշխանութեան, այլ հոգատարութեան վրայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 12 սեպտեմբերին, կէսօրին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց «World Meeting on Human Fraternity-Մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային հանդիպում»ի մասնակիցները, որոնք աշխարհի տարբերէ վայրերէն Հռոմ ժամանեցին ուխտագնացութիւնը կատարելու համար։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրութիւնը ներկաներուն նկատել տուաւ, որ անոնց ներկայութիւնը զօրաւոր «ոչ» է պատերազմին ու «այո» է խաղաղութեան ու եղբայրութեան՝ հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապին այն պատգամին՝ որ պատերազմը հակամարտութիւններու լուծում չէ։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ եղբայրութեան գաղափարին՝ սկսելով Կայէնի եւ Աբէլի աստուածաշնչական պատմութիւնէն, յարելով թէ
թէպէտ առաջին եղբայրական յարաբերութիւնը յատկանշուեցաւ հակամարտութեամբ, պէտք չէ որ բռնութիւնը ընդունուի որպէս բնականոն օրէնք, այլ օրէնքը Աստուծոյ հետեւեալ հարցումն է «Ո՞ւր է քու եղբայրդ» (Ծննդոց 4։9), հարցում մը, որ կը դառնայ հաշտութեան սկզբունք։
«Այս հարցումը՝ այսօր աւելի քան երբեւէ, պէտք է մեզի համար ըլլայ որպէս հաշտութեան սկզբունք։ Այդ հարզումը մեր մէջ կը հնչէ այսպէս . «Եղբայրս, քոյրս ո՞ ւր ես»։ Ո՞ւր ես այն պատերազմներու մէջ, որոնք կը քանդեն երիտասարդներու կեանքը, երեխաներուն, տարեցներուն, կանանց կեանքը, կ՝աւերեն քաղաքները գիւղերը ձգելով միակ քանդում ու ցաւ։ Եղբայրս, քոյրս, ո՞ ւր ես արհամարհուած, բանտարկուած եւ մերժուած գաղթականներուն մէջ, անոնց մէջ որոնք կը փնտռեն փրկութիւն եւ յոյս՝ կը գտնեն պատեր եւ անտարբերութիւնը», ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց, որ իսկական եղբայրութիւնը կը գերազանցէ ցեղային կամ շահերու սահմանները, հիմնուելով իւրաքանչիւր անձին ներքին արժէքին վրայ, այնպէս ինչպէս խորհուրդ տրուած է Fratelli tutti շրջաբերականին մէջ, որուն մէջ եղբայրութիւնը սահմանուած է, որպէս մօտիկութիւն, որ կը նշանակէ գտնել ուրիշի դիմքը, ճանչնալով անոր մէջ խորհուրդը կամ հաւատացեալներուն համար Աստուծոյ պատկերը։
Շարունակելով իր պատգամը նորին Սրբութիւնը ներկաները յորդորեց ըսելով. Սիրելի՛ բարեկամներ կը յորդորեմ ձեզ գտնել տեղական եւ միջազգային ուղիներ, որոնք կը զարգացնեն ընկերային բարեգործութիւնը, գիտելիքներու դաշինքները եւ սերունդներու միջեւ համերաշխութեան նոր ձեւեր։ Թող անոնք ըլլան ժողովրդական ձեւեր, որոնք կը ներառեն նաեւ աղքատները՝ ոչ թէ որպէս օգնութիւն ստացողներ, այլ որպէս զատօրօշումի եւ խօսքի ենթականեր։
«Կը քաջալերեմ ձեզ շարունակելու «լռութեամբ ցանելու աշխատանքը», որմէ կարող է առաջանալ մարդկայնութեան եւ եղբայրութեան վերաբերեալ մասնակցութեան գործընթաց, որ չի սահմանափակուիր իրաւունքներ թուարկելու մէջ, այլ կը ներառէ շօշափելի գործողութիւններ եւ դրդապատճառներ, որոնք մեզ տարբեր կը դարձնեն ամենօրեայ կեանքէն։ Մեզի անհրաժեշտ է լայն «մարդկայի դաիշնք, որ հիմնուած է ոչ թէ իշխանութեան, այլ հոգատարութեան վրայ, ոչ թէ շահոյթի այլ տալու, ոչ թէ կասկածի՝ այլ վստահութեան վրայ։ Հոգատարութիւնը, տալը եւ վստահութիւնը հանգիստի համար առաքինութիւններ չեն, անոնք այնպիսի տնտեսութեան սիւներ են, որ չսպաներ, այլ կ՝ուժեղացնէ եւ կ՝ընդլայնէ կեանքի մասնակցութիւնը։
Ի վերջոյ Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով այն արուեստագէտներուն, որոնք իրենց ստեղծագործութեամբ այս պատգամը կը փոխանցեն Պերնինիի սիւնաշարի հոյակապ հրապարակէն։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հռչակաւոր մրցանակակիրներուն՝ թէ՛ միջազգային եղբայրութեան հռչակագիրի մշակման, թէ՛ միջազգային հարթակներուն վրայ իրենց տուած վկայութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
