Որոնել

Ասթանայի մէջ կրօնապետերու համաժողովը Ասթանայի մէջ կրօնապետերու համաժողովը 

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Ասթանայի մէջ գումարուած կրօններու հոգեւոր պետերու միջազգային վեհաժողովին

Լեւոն ԺԴ. Պատգամ մը ուղղեց Ասթանայի մէջ գումարուած համագումարին մասնակիցներուն հրաւիրելով կրօնական առաջնորդները նուիրուելու խաղաղութեան, եղբայրութեան, համերաշխութեան, աջակցելով տկարներուն, աղքատներուն եւ գաղթականներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց Ղազախստանի հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ասթանայի մէջ գումարուած համագումարին մասնակիցներուն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արամ Ա Կաթողիկոսը։

Պատգամին մէջ քահանայապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահ Քասսիմ Ժոմար Թոյայեւին, ընդգծեց «կրօններուն երկխօսութիւնը. Ապագային համար համագործակցութիւնը» համագումարին նիւթին կարեւորութիւնը, յատկապէս բռնի հակամարտութիւններով դարաշրջանի մէջ։

Համագործակցութիւն կը նշանակէ համատեղ աշխատիլ յարգանքով, ճանչնալով մարդոց եւ ազգերու փոխ կապակցութիւնը եւ ընդունելով բազմազանութիւնը որպէս հարստացումի աղբիւր, գրեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ այդ համագործակցութիւնը, որ կը սնուի համերաշխութեամբ, նպատակ չ՝ունի վերացնել տարբերութիւնները այլ խթանել բազմազանութիւնը՝ որպէս փոխադարձ հարստացումի աղբիւր։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց պատմական իրադարձութիւններ, ինչպէս 1986 թուականին Ասսիզիի մէջ միջ կրօնական աղօթքը, 2019 թուականին եղբայրութեան մասին փաստաթուղթը, որպէս համաշխարհային խաղաղութեան համար կրօնական համագործակցութեան օրինակներ եւ 2022 թուականի Ապու Տապիի մէջ համագումարը։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը նկատել տուաւ նաեւ, թէ ինչպէս հաւատքի համայնքները յաճախ կը միացնեն իրենց ուժերը՝ օգնելու համար ամենախոցելիներուն՝ աղէտներուն, փախստականներուն, աղքատութեան եւ սովի իրավիճակներէն, ցոյց տալով, որ կրօնը կարող է ըլլալ բուժումի եւ հաշտութեան աղբիւրը այլ ոչ թէ հակամարտութեան։ Ան ապա Հրաւիրեց կրօնական առաջնորդները նուիրուելու խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ համերաշխութեան, աջակցելով ամենախոցելիներուն, պաշտպանելով շրջակայ միջավայրն ու մարդկային արժանապատուութիւնը ու պատգամը եզրափակեց յոյս յայտնելով, որ կրօնները ոգեշնչեն ներդաշնակութեան շարունակական ջանքերը՝ խոնարհութեամբ եւ յարատեւութեամբ ապա հայցեց Աստուծոյ օրհնութիւնը, որպէսզի անոնց ջանքերը առատ պտուղներ տան՝ բոլորին բարօրութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2025, 08:00