Il Papa a San Giovanni apre l'anno pastorale a Roma

Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ստեղծագործ, ունակ ընդունելու և ձևաւորելու կենսունակ և միսիոներական համայնքներ»:

Հռոմի թեմական ժողովի ուղղած Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին պատգամը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 19 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը վեցին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան մայր տաճարին գլխաւորեց Հռոմի Եկեղեցւոյ Թեմական Ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի Թեմի բոլոր ժողովրդապետները, անոնց համագործակից քահանաները, Ռեկտորները, մատրանապետները եւ սարկաւագները, իւրաքանչիւր ժողովրդապետութենէ երեք աշխարհականներ եւ իգական ու արական կրօնաւորական հաստատութիւններու մի քանի ներկայացուցիչներ:

Սինոդականութեան տարրալուծարան

Հռոմի թեմական ժողովի ուղղած իր ելոյթին մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը յորդորեց կղերականները Հռոմի եկեղեցին դարձնելու «սինոդականութեան տարրալուծարան»։ Ներշնչուելով Աւետարանի Բարի Սամարացիէն Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Աստուծոյ պարգեւը սուրբ Հոգին է, որ կարող է նորոգել համայնքները եւ եկեղեցին մղել դէպի աւետարանութեան ու ծառայութեան ուղին։

Քահանայապետը շեշտեց որ սինոդական գործընթացը արդեն իսկ իր պտուղներ տուաւ, խրախուսելով ծառայութիւններու եւ խարիզմներուն արժեւորումը կեդրոն դնելով մեր եղբայրներն ու քոյրերը, մասնաւորապէս աղքատներուն հիւրընկալութիւնը ։ Ան հաստատեց որ եկեղեցին պէտք է ըլլայ Աստուծոյ սիրոյ նշան, ջրանցք մը, որպէսզի Սուրբ Հոգիին կենդանի ջուրը հասնի բոլորին։

Լեւոն ԺԴ Պապը հրաւիրեց աշխատելու երեք հիմնական նպատակներուն շուրջ.

Ամրապնդել սինոդականութիւն։

Այս առումով Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ վերակենդանացնելու մասնակցութեան մարմինները ծխական եւ թեմական մակարդակներուն վրայ՝ մեկուսացումը յաղթահարելու եւ ընդհանուր եւ համատեղ հովուական ծառայութեան գործունէութիւնը խթանելու համար։

Վերանորոգել Աւետարանութիւնը

Քահանայապետը առաջարկեց վերանայիլ քրիստոնէական սկիզբի եւ աւետարանչութեան միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնները՝ անցնելով Քրիստոէնական վարդապետութեան ուսմունքի նկատմամբ դպրոցական մօտեցումէն այն կողմ։ Առաջարկեց փորձարկել նոր մօտեցումներ եւ աշխուժօրէն ներգրաւել ընտանիքները՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հաւատքի մօտեցող երիտասարդներուն եւ չափահասներուն։ «Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ստեղծագործ, ունակ ընդունելու և ձևաւորելու կենսունակ և միսիոներական համայնքներ»:

Կրթութեան մէջ ներդումներ կատարել

Քահանայապետը ընդգծեց կրթութեան անհրաժեշտութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ, որ կը գերազանցէ աւանդական գործունէութիւնները եւ համայնքները կը դարձնէ «ստեղծագործական։ Եկեղեցիները պէտք է առաջարկեն կրթական ծրագիրները ժամանակակից հասարակութեան վերաբերող թեմաներով, ինչպէս ընկերային արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, գաղթականութիւնը եւ գոյաբանական մարտահրաւէրները։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց միսիոներական գործունէութեան կոչով՝ խրախուսելով կղերականները վազելու դէպի ուրիշներ, նման սամարացի կնոջ, որ ջուրը բերելով կը յագեցնէ յաւերժական ծարաւը եւ վկայելով որ Յիսուսը աշխարհի փրկիչ է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2025, 19:00