Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Մարեմաբանութիւնը՝ եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան, երկխօսութեան ծառայութեան միջոց։

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Քահանայապետական Միջազգային Մարեմական կաճարի կողմէ կազմակերպուած համագումարի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Քահանայապետական Միջազգային Մարեմական կաճարի կողմէ կազմակերպուած համագումարի մասնակիցները ու այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը գնահատելով Մարեմական միջազգային կաճարի համագումարը ընդգծեց Մարեմաբանութեան կարեւորութիւնը, որպէս եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան, երկխօսութեան ծառայութեան միջոց։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ նշեց, որ Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Եկեղեցւոյ Մայրը, մեզի կը սորվեցնէ ըլլալու Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդը եւ վերոյիշեալ կաճարը կը ծառայէ որպէս Մարեմական թեմաներու շուրջ մտորումներուն եւ քննարկումներուն կեդրոն՝ նպաստելով իսկական եւ պտղաբեր հաւատքի ձեւաւորման։

Նորին Սրբութիւնը նշելով որ Համագումարին ընթացքին քննարկուեցաւ այն նիւթը, թէ արդեօք Մարեմական դէմքով եկեղեցին կը ներկայացնէ անցեալի մնացորդը, թ՞է ապագայի մարգարէութիւնը յարեց

«Դուք քննարկեցիք Մարեմական նուիրուածութեան նպատակներն ու արժէքները հաւատացեալներուն՝ ստուգելու համար, եթէ անոնք կը ծառայեն այն յոյսի ու մխիթարութեան, որ եկեղեցւոյ յանձնարարուած է հռչակել»։

Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց Մարիամի կերպարի վրայ, որպէս «յոբելենական» եւ «սինոդական» կին՝ ընդունակ նոր սկիզբ դնելու՝ լսելով խօսքը եւ մասնակցելով Սուրբ Հոգիին ներգործութեան, խրախուսելով հաւատացեալներուն միջեւ երկխօսութիւն եւ նպաստելով ժողովուրդներուն միութեան։

Մարեմական մայրութիւնը կը հրաւիրէ եկեղեցին միաւորելու ճշմարտութիւնն ու գուրգուրանքը, բանականութիւնն ու զգացումները հետեւելով ճշմարտութեան ուղիներուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Մարեմական բարեպաշտութիւնը, որ կողմնորոշուած է ծառայութեան կ՝օգնէ յաղթահարելու ճակատագրապաշտութիւնն ու մակերեսականութիւնը, արժեւորելով տկարները, մեկուսացուածները եւ ձայն տալով զոհուածներուն։

Մարեմեան դէմքը նաեւ դիտուած է որպէս եկեղեցւոյ կոչումի օրինակ, որ պէտք է զարգացնէ խոնարհութիւնն ու քաջութիւնը՝ Աստուծմով նոր սկսելու մէջ, փնտռելով երրորդութեան միութիւնը եւ հաւատքի, սիրոյ, յոյսի վկայութիւնը։

Մարիամի խորհուրդի մասին խորհրդածութիւնը կը պաշտպանէ գաղափարախօսութիւններէն եւ կեղծումէն՝ բացուելով աստուածային առատաձեռնութեան եւ մշակոյթներուն միջեւ խաղաղութեան

Մարեմաբանութիւնը էական է եկեղեցւոյ համար ու պէտք է խթանուած ըլլայ համալսարանական ուսումնասիրութիւններով, սրբավայրերուն, համայնքներուն եւ մշակոյթներուն մէջ, գնահատելով արուեստը, երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց մաղթելով Մարեմական կաճարը միշտ ըլլայ բաց տուն ու դպրոց բոլոր անոնց համար որոնք կը փափաքին նուիրիուիլ եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ մարեմական ուսումներուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2025, 10:05