Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Եղբայրսիրութիւնը ապրիլ ուշադիր ըլլալով մերձաւորին համապարփակ բարօրութեան

Օգնել, հիւրընկալել եւ խթանել, երեք բանալի բառեր են աղքատներուն ծառայելու համար, ըսաւ Սրբազան Հայրը այսօր՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս հիմնարկի անդամներուն ուղղած ճառին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց, Աղքատներուն համար «Սուրբ Ֆրանչիսկոս հիմնարկ»ի անդամները, որ «նուիրուած է օգնութիւն եւ հիւրընկալութիւն ապահովուելու համար կարիքաւոր անձերուն...» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ու աւելցուց ըսելով որ այս« «Հիմնարկը ծնած է համեստ մեծ եղբայրի կողմէ, Աստուծոյ ծառայ Ֆրա Չէչիլիօ Մարիա Քորթինովիս, որ զգայուն էր Միլանոյի մէջ Վիալէ Փիավէի Քափուջիններուն վանքին դուռը բախող աղքատներուն»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ նշեց, որ այսօր կը յիշենք բարեգործութեան մէկ պատմութիւն մը, որ հաւատքի մէջ ծնած է մարդու մը կողմէ եւ ծաղկած կեանք տալով խաղաղութեան եւ արդարութեան նպաստող մեծ հասարակութիւն։ Կը յիշենք նաեւ պատմութիւն մը, որ կազմուած է ոչ թէ բարերարներու կողմէ այլ եղբայրներու եւ քոյրերու կողմէ, որոնք մէկը միւսին կը ճանչնան, որպէս Աստուծոյ պարգեւ, ըսաւ Ան։ Անդրադառնալով ապա Սուրբ Ֆրանչիսկոս հիմնարկի սահմանադրութեան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց հիմնարկի անդամներուն կատարած աշխատանքի երեք կէտերուն վրայ, որոնք կը կազմեն բարեգործութեան լրացուցիչ երեւոյթներ. Օգնել, հիւրընկալել եւ խթանել։

Օգնել. Սա կը նշանակէ ներկայ ըլլալ ուրիշներուն կարիքներուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ հիմնարկը տարիներուն ընթացքին կարողացաւ կազմակերպել տարբեր ծառայութիւններ՝ աղքատներուն ի նպաստ։

Աչքերու մէջ նայիլը, ձեռքսեղմում կատարելը եւ խոնարհիլը, Ֆրանչիսկոս Պապին այդքան սիրելի վերաբերմունք է, որ մեզ կը ընտանեկան միջավայրեր ստեղծելու եւ օգնելու յաղթահարելու համար «ես»ի միայնութիւնը՝ «մենք»ի լուսաւոր հաղորդութեան միջոցաւ»։

Խթանել։ Խթանելու մէջ, մարդոց անձնուրացութիւնը եւ արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքը գործի մէջ կը դրուի ըսաւ Սրբազան Հայրը որպէսզի հոք տանինք անոնց որոնց կը հանդիպինք, պարզապէս անոնց բարօրութեան համար, որպէսզի անոնք կարենան ողջ ներումով ապրիլ եւ շարունակել իրենց սեփական ճանապարհով՝ առանց որեւէ բան ակնկալելու եւ առանց պայմաններ պարտադրելու։ ճիշդ այնպէս Աստուած կատարեց մեզի իւրաքանչիւրիս համար։

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց ընդգծելով, որ մերձաւորին համապարփակ բարեկեցութեան մասին հոգ տանիլը մեծ հնարաւորութիւն է ողջ մարդկութեան բարոյական, մշակութային եւ նոյնիսկ տնտեսական աճի համար։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ապա հիմնարկի անդամներուն տուած վկայութեան համար քահանայապետը պատգամը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը եւ շնորհելով առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2025, 12:45