Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Աստուածաբաններուն. Հետապնդեցէք իմաստութիւն մը, որ վերացական չէ այլ լի է յոյսով

Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդունեց Քահանայապետական Աստուածաբանական կաճարի կողմէ կազմակերպուած «Ստեղծագործութիւնը, բնութիւնը, բնական միջավայրը՝ Խաղաղութեան աշխարհի համար» նիւթով գիտաժողովի մասնակիցները։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 13 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդունեց Քահանայապետական Աստուածաբանական կաճարի կողմէ կազմակերպուած «Ստեղծագործութիւնը, բնութիւնը, բնական միջավայրը՝ Խաղաղութեան աշխարհի համար» նիւթով գիտաժողովի մասնակիցները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամը Նորին Սրբութիւնը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Քահանայապետական Աստուածաբանական կաճարի, շրջակայ միջավայրի կայունութեան եւ արարչագործութեան հոգատարութեան նկատմամբ նիւթերը քննարկելու համար ու ընդգծեց թէ ինչպէս այդ նիւթերը թանկարժէք են իր նախորդներուն համար, ու հիմնարար նշանակութիւն ունին մարդկային գոյատեւման եւ խաղաղ համակեցութեան համար։
Քահանայապետը ապա ընդգծեց մշակութային եւ կրօնական արգելքները յաղթահարող Համաշխարհային յանձնարարութեան անհրաժեշտութիւնը՝ գովաբանելով կաճարի միջ մշակութային եւ միջ կրօնական մօտեցումը։ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց Աստուածաբանութեան վերանորոգումի վրայ հիմնուած «Ad theologiam promovendam» առաքելական նամակի ուղեցոյցներուն վրայ.

Դուրս ելող եւ միսիոնարական Աստուածաբանութիւն

Այս առումով Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Աստուածաբանութիւնը պէտք չէ ըլլայ վերացական, այլ մարմնաւորուած ըլլայ պատմութեան եւ մարդկային փորձառութիւններուն մէջ՝ համատեղելով գիտական ճշգրտութիւնն ու աշխարհի հանդէպ սէրը ու այս տեսակ աստուածաբանութեան նպատակն է Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը եւ քրիստոնէական հռչակումը բոլորին։

Իմաստութեան աստուածաբանութիւն

Այս ուղղութեամբ քահանայապետը որպէս տիպար առջարակեց՝ Եկեղեցւոյ հայրերը՝ Սուրբ Օգոստինոսը ու Սուրբ Թովմաս Աքուինացին նշելով, որ այդ աստուածաբանները յաջողութեամբ համատեղեցին հաւատքն ու բանականութիւնը, խորհրդածութիւն ու ընթացակարգը՝ մեկնելով Աստուծոյ անձնական փորձառութենէն՝ խորաթափանց եւ օգտակար հասկացողութեան հասնելու համար։ Սուրբ Օգոստինոսը՝ իր գոյաբանական մօտեցումո եւ Սուրբ Թովմասը՝ իր բանապաշտ համակարգումով, օրինակներ են այն բանի,n թէ ինչպէս Աստուածաբանութիւնը կարող է ըլլալ «sapida scientia» (համեղ գիտութիւն)։ Նորին Սրբութիւնը օրինակ բերաւ նաեւ, Երանելի Անթոնիօ Ռոսմինին, որպէս «մտաւոր բարեգործութիւնը»։

Երկխօսութեան գիտութեան եւ մշակոյթի հետ

Քահանայապետը նշեց որ Աստուծաբանութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի իմաստասիրութեան հետ երկխօսութեամբ, այլ պէտք է բացուի համեմատութեան՝ բնագիտութեան,կենսաբանութեան, տնտեսագիտութեան, իրաւունքի, գրականութեան եւ արուեստի հետ ու այս երկխօսութիւնը կը ծառայէ «Աւետարանի թթխմորը» տարբեր մշակոյթներուն տանելու եւ արձագանգելու ժամանակակից մարտահրաւէրներուն՝ ինչպէս առաջադրուած են արհեստական բանականութեան կողմէ ՝ վերահաստատելով մարդկային արժանապատուութեան կարեւորութիւնը

Համայնքի կարեւորութիւնը

Քահանայապետը ընդգծեց որ արտաքին երկխօսութիւնը՝ «այլ դաւանքներուն հետ» կը պահանջէ ներքին երկխօսութիւն այսինքն ՝աստուածաբաններու միջեւ։ Աստուածաբանական Կաճարը կոչուած է դառնալու բարեկամութեան, հաղորդակցութեան եւ կիսելու վայր։

Քահանայապետական Աստուածաբանական Կաճարի երեք դէմքերը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամը աւարտեց՝ խրախուսելով նոր կանոնադրութեամբ սահմանուած երեք ոլորտներ.

Ակադեմիական գիտական դիմագիծ. հաւատքի ճշգրիտ եւ քննադատական ուսումնասիրութեան համար։

Իմաստութեան դիմագիծ. Աշխարհականներուն խորհրդածութեան, զատորոշումի եւ մասնակցութեան համար, ուր Աստուածաբանութիւնը կը վերածուի աղօթքի։

Աջակցութեան դիմագիծ  ոգեշնչելու և խրախուսելու համար բարեգործական շօշափելի գործողութիւններ, քանի որ Աստուծոյ իսկական ճանաչողութիւնը կը դրսեւորուի սիրով վերափոխուած կեանքի մէջ։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամը աւարտեց մաղթելով որ Քահանայապետական կաճարը մարմնաւորէ այս իմաստութեան Աստուածաբանութիւնը աշխարհի եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2025, 11:10