Լեւոն ԺԴ. Պապը կը մեկնի Քասթել Կանտոլֆօ ու նախատեսուած է որ վերադառնայ վաղը երեկոյեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ Պապը, այսօր եւս երկուշաբթի, 29 սեպտեմբերին կը մեկնի Քասթել Կանտոլֆօ՝ Վիլլա Պարպերինի Քահանայապետական նստավայրը։ Վատիկանի մամլոյ ծառայութիւնը լրագրողներուն հարցումներուն ի պատասխան յայտնեց, որ Քահանայապետին մեկնումը նախատեսուած է այսօր ուշ կէսօրին ու պիտի վերադառնայ վաղը երեկոյեան։
Մինչդեռ, այսօր երեկոյեան ժամը 8ին, Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական պալատին փակին մէջ, Վատիկան Քաղաք պետութեան պաշտպան Սուրբ, Սուրբ Միքայէլի հրեշտակապետի տօնին օրը, ելոյթ պիտի ունենան Վատիկանի ոստիկանութեան նուագախումբը եւ քահանայապետական Զուիցերական Պահակախումբի շեփորախումբը միասին։
Այս նախաձեռնութիւնը «Երաժշտութիւնը թանգարաններու մէջ – Յոբելեան 2025» շարքի մասը կը կազմէ, որ համագործակցութիւնն է Թանգարաններուն եւ մշակութային ժառանգութեան վարչութեան, Վատիկան Քաղաք պետութեան քահանայապետական պալատներուն վարչութեան եւ Իտալիոյ ազգային երաշտութեան կոմիտէի միջեւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
