Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Յոյսը Աստուծոյ ճշմարտութեան հետ հանդիպելու ճանապարհ է

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Լատին Ամերիկիոյ եպիսկոպոսաց խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, ընտանիքի ապագային համար նուիրուած Յոբելինական հանդիպումի մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 19 սեպտեմբերին, կէսօրին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լատին Ամերիկիոյ եպիսկոպոսաց խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, ընտանիքին ապագային համար նուիրուած Յոբելինական հանդիպումի մասնակիցները ու այս առթիւ արտասանած պատգամը սկսաւ յարելով. «Ուրախ եմ, որ այսօր ձեզ կ՝ողջունեմ Սուրբ Պետրոսի տան մէջ՝ եկեղեցւոյ տունը, ուր մենք բոլորս կը զգանք մեծ մէկ ընտանիքի նման, հաւաքուած Անոր սիրոյ կրակի շուրջ։ Այս օրերուն դուրք երկխօսութեան մէջ եղաք՝ հետեւելով սինոդալ մեթոտին՝ խորհրդածելով ընտանեկան կեանքի վերաբերող որոշ արդիական հարցերուն շուրջ։ Ընտանիքին մէջ սինոդականութիւն զգալը կը պահանջէ «միասին քալել» կիսել վիշտն ու ուրախութիւնը, յարգելից եւ անկեղծ երկխօսութիւն վարել բոլոր անդամներուն հետ, սորվիլ մէկը միւսին սիրել եւ միասին կարեւոր որոշումներ կայացնել ընտանիքին համար, ըսաւ Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք հիմնական կարեւոր բառերու վրայ՝ Յոբելեանը, Յոյսը եւ Ընտանիք։

Յոբելեան

Սա հրաւէր Է Հոգեպէս Աստուծոյ վերադառնալու, մեր կեանքի կեդրոնը։ Սա պարզապէս պատմական իրադարձութիւն չէ, այլ ուղեւորութիւն մը բացայայտելու համար մեր հաւատքի արմատները, մեր նախնիներուն կողմէ փոխանցուած հեզութիւնն ու աղօթքը։ Սա մեզի կոչ է խուսափելու աշխարհի ապահովութիւններու ապաւինելէ եւ վերագտնել Աստուծոյ հետ «Տան մէջ» ըլլալու իսկական ուրախութիւնը։

Յոյս

Յոյսը Աստուծոյ ճշմարտութեան հետ հանդիպելու ճանապարհ է։ Դա կը պահանջէ նուիրուածութիւն՝ Յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ պայքարելու ընտանիքին սպառնացող վտանգներուն դէմ, ինչպէս աղքատութիւնն ու բռնութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց հաստատութիւններուն եւ եկեղեցւոյ միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ընտանեկան կեանքին աջակցելու համար։

Ընտանիք

Քահանայապետը ընտանիքը նկարագրեց որպէս պարգեւ եւ առաջադրանք՝ հասարակութեան մէջ իր անդամներու համատեղ պատասխանատուութիւնն ու առաջնորդութիւնը խթանելու նպատակով։ Ընտանիքը «տնային եկեղեցի է», որ կը տարածէ Սուրբ Հոգիի ջերմութիւնը եւ կը նպաստէ ընդհանուր բարօրութեան։ Նազարեթի սուրբ ընտանիքը հետեւելու տիպար է , սիրոյ օրինակ է որ կը դրսեւորուի փոխադարձ աջակցութեան, լռութեան, աշխատանքի եւ աղօթքի մէջ։

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց յորդորելով ապրելու յոյսի հեղեղող ուրախութիւնը, նման այն ուրախութեան զոր զգացին աշակերտները Յարութենէն յետոյ։ Ընտանիքները կոչուած են դառնալու «Յոյսի լուռ երգ» տարածելով Քրիստոսի լոյսը եւ Աւետարանի ուրախութիւնը հասցնելով մինչեւ երկրի ծայրերը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2025, 11:35