Լիզպոնի մէջ երկաթուղիով հանրակառքի արկած Լիզպոնի մէջ երկաթուղիով հանրակառքի արկած 

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Լիզպոնի մէջ արկածի թիրախ զոհերու ընտանիքներուն

Վատիկանի Պետական քարտուղարին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով, Լիզպոնի պատրիարքին ուղղած հեռագիրը, Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած արկածի կապակցութեամբ, որ պատճառեց զոհեր եւ վիրաւորներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով հեռագիր ուղղեց Լիզպոնի պատրիարքին, Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած արկածի կապակցութեամբ։

Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը նշեց, որ Նորին Սրբութիւնը իմանալով Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած արկածի լուրը, որ պատճառեց զոհեր եւ վիրաւորներ, Լիզպոնի պատրիարքէն կը խնդրէ, որ իր ցաւակցութիւնները փոխանցէ ու իր մօտիկութիւնը յայտնէ ցաւի մէջ գտնուող արկածի զոհերուն ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն ընտանիքներուն։ Քահանայապետը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած վիրաւորներուն արագ ամոքումին համար եւ Աստուածային յոյսի զօրութիւնը կը հայցէ աղէտէն տուժածներուն վրայ։

Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը եզրափակեց նշելով, որ Քահանայապետը երախտագիտութեամբ՝ յատուկէպ կը յիշէ շտապ օգնութեան հասնող փրկարարները ու իր մխիթարութեան առաքելական օրհնութիւնը կը փոխանցէ զոհերուն ընտանիքներուն։

Յայտնենք թէ, Լիզպոնի մէջ «Էլէվատոր Տա Կլորիա» երկաթուղիով փոխադրակառքի արկածի հետեւանքով զոհուեցան 17 անձ եւ 23-ը վիրաւորուեցան որոնք մեծ մասը զբօսաշրջիկներ են։

Լիզպոնի մէջ «Էլէվատոր Տա Կլորիա» երկաթուղիով փոխադրակառքը, Փորթուկալի մայրաքաղաքի երեքէն մէկն է եւ նկատուած է որպէս ազգային յուշարձան։ Անոր բացումը կատարուած է 1885ին, ու կը միացնէ քաղաքին ստորին եւ վերի մասերը։ Ան կարող է տեղափոխել մինչեւ 45 մարդ եւ տարեկան միջին հաշիւով օգտագործուած է մօտաւորապէս երեք միլիոն ուղեւորներուն կողմէ։

Հրշէջներուն տուեալներու համաձայն՝ վթարի պատճառը կրնայ ըլլալ մալուխի կոտրուածքը։ Վաղը Փորթուկալի մէջ ազգային սուգի օր է ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2025, 13:33