Քահանայապետերը եւ աշխարհի խաւարին մէջ խաղաղութեան ի սպաս աղօթքները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Աղօթենք առանձին, ընտանիքին, հասարակութեան մէջ ու այս մէկը ընենք միասին». Այս է Լեւոն ԺԴ. կոչն ու հրաւէրը, զոր Ան ուղղեց երէկ` հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, յայտարարելով, որ յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ խաղաղութեան նուիրուած աղերսական աղօթք մը, այս ուղղութեամբ խրախուսելով հաւատացեալները աշխուժացնելու աղօթքները` հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին, որ աւանդութեան համաձայն նուիրուած է Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդութեան։
Անցեալ 31 Մայրին Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ գլխաւորած Մարեմեան ամսուայ եզրափակումի արարողութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը վարդարանի աղօթքը որակած էր «հաւատքի արարք, որով պարզ ու բարեպաշտական ձեւով կը հաւաքուինք Մարիամի մայրական վերարկուին տակ»։
Քահնայապետը կը ձգտի խնդրել խաղաղութեան պարգևը, բառ մը, որ կը յատկանշէ անոր վարդապետութիւնը և որ, հազիւ Քահանայապետ ընտրուած, Ան տասը անգամ կրկնեց իր առաջին «Urbi et Orbi» պատգամի ընթացքին:
Վարդարանի և խաղաղութեան միջև այս կապը միշտ ալ ընդգծուած է նաեւ Լեւոն Քահանայապետի նախորդներու կողմէ՝ կոչ ուղղելով աղօթքի և նոյնիսկ ծոմապահութեան, պատմութեան ամենադժուար ու խաւար պահերու ընթացքին:
Խաղաղութեան աղաղակը` որ կը դառնայ աղօթք
«Մայր Աստուծոյ, մենք քեզմէ կը խնդրենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, դուն որ Խաղաղութեան Թագուհին ես։ Դարձի բեր հոգիներն անոնց` որոնք ատելութիւն կը բորբոքեն, լռեցուր մահ յառաջացնող զէնքերու աղմուկը, մարէ մարդկային սրտին մէջ բորբոքուած բռնութիւնը և ոգեշնչէ խաղաղութեան ծրագրեր ազգերը կառավարողներու գործողութիւններուն մէջ»։ 6 Հոկտեմբեր 2024 -ին արձագանգած խօսքեր են ասոնք, զոր հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Մարիա Մաճճորէ մայր տաճարին մէջ պահպանուած Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ, մինչ այնտեղ կը գլխաւորէր Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, Համասի կողմէ Իսրայէլի դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումի առաջին տարեդարձին առիթով, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ բարձրացնելով աղերսական աղօթքը։
Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի Քահանայապետութեան ընթացքին հետեւողական եղան աղօթքի ու ծոմապահութեան օրերը։ Ան իր Քահանայապետ ընտրուելէն վեց ամիս ետքը` 7 սեպտեմբեր 2013-ին հրաւէր ուղղած էր աղօթելու Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի ու աշխարհի համար, ապա 2017-ին աղօթքը նուիրած էր Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանի։ Իսկ 2020-ին կարգը եղած էր Լիբանանի, որուն կը սպառնար քաղաքական, ընկերային եւ ֆինանսական ծանր ճգնաժամ մը, որ աւելիով վատթարացաւ Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ կայացած պայթումի պատճառաւ։
Մէկ տարի ետքը աղօթքը նուիրուեցաւ Աֆղանիստանի եւ 2022 -ին նահատակ Ուքրանիոյ, որ ներգրաւեցուեցաւ պատերազմի մը մէջ որ տակաւին կը շարունակուի։
Ոչ այլեւս պատերազմ
1990-ականներուն եւս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, ի տես Իրաքի պատերազմին, իր վիշտը յայտնած էր հակամարտութեան ի տես՝ Սատամ Հուսէյնի և Ճորճ Պուշին ուղղած նամակներուն մէջ: Այնուհետև, 1991 թուականի 16 Յունուարին, Օրհնութիւններու սրահին մէջ գլխաւորած Վարդարանի աղօթքի աւարտին, որ կազմակերպուած էր «Մարիամի՝ մեր մօր Անարատ Սրտին» յանձնելու մտահոգութիւններն ու յոյսերը, լեհ Քահանայապետը երկար աղօթք բարձրացուց խաղաղութեան համար, որուն մէջ մի քանի անգամ կրկնեց. «Այլևս ոչ երբեք պատերազմ» խօսքը:
Տարիներ ետք ահաբեկչութիւնը հարուածեց Միացեալ Նահանգներու սիրտը՝ 2001 թուականի սեպտեմբերի 11-ին, Նիու Եորքի Երկաւորեակ Աշտարակներու վրայ տեղի ունեցած յարձակումներով: Այդ պահուն Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը խնդրեց, որ դեկտեմբերի 14-ը ըլլայ ծոմապահութեան և աղօթքի օր՝ աղերսելու «արդարութեան վրայ հիմնուած կայուն խաղաղութիւն» և «աշխարհը տանջող բազմաթիւ հակամարտութիւններու համար համարժէք լուծումներ»:
Ահա այս նոյն պահանջներն են, որ շատ տարիներ ետք, դարձան նաեւ Լեւոն Քահանայապետին պահանջները որոնց համար Ան կը հայցէ Աստուծոյ ժողովուրդին աջակցութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
