Որոնել

2025.09.12 S.E. il Signor Roosevelt Skerrit, Primo Ministro di Dominica

Տոմինիքայի Վարչապետը ընդունուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ

«Պետական ​​քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Տոմինքայի միջև լաւ յարաբերութիւններուն համար: Այնուհետև քննարկումները կենտրոնացան Եկեղեցւոյ կողմէ երկրին արժէքաւոր ներդրումին վրայ, մասնաւորապէս՝ բարեկեցութեան և կրթութեան ոլորտներուն մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր առաւօտեան Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Տոմինքայի Միութեան վարչապետ, Վսեմաշուք Տիար Ռուզվելտ Սքերրիթը ընդունուեցաւ Լևոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ: Այնուհետև Ան հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար, Վսեմաշուք Կարդինալ` Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու և Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Ռիչարտ Կալլակէրը»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

«Պետական​​քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Տոմինքայի միջև լաւ յարաբերութիւններուն համար: Այնուհետև քննարկումները կենտրոնացան Եկեղեցւոյ կողմէ երկրին արժէքաւոր ներդրումին վրայ, մասնաւորապէս՝ բարեկեցութեան և կրթութեան ոլորտներուն մէջ» կը կարդանք վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա նշուած է նաեւ` որ «զրոյցը շարունակուեցաւ՝ անդրադառնալով տարածաշրջանի և երկրին մէջ առկայ շարք մը ընկերա -քաղաքական հարցերու, ինչպիսիք են ընկերային մարտահրաւէրները և կլիմայի փոփոխութեան հետևանքները, վերահաստատելով իրենց փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խթանելու փոխադարձ համագործակցութիւն՝ ի բարօրութիւն Տոմինքայի ժողովրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2025, 10:55