Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 12 սեպտեմբերին, առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Պապը, Առաքելական Պալատի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի նախագահ, Չամպերի արքեպիսկոպոս գերպ Թիպոթ Վերնին, որուն ընկերացած էր յանձնաժողովին քարտուղար, գերպ Մանուէլ Ալի Հեռերա։
Անցեալ 15 յուլիսին, պաշտօնը ստացնելէ ի վեր արք Վերնին առաջին անգամն է որ կը հանդիպի Լեւոն ԺԴ Պապին հետ, ներկայացնելով Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան քաղաքականութեան եւ ընթացակարգերու վերաբերեալ երկրորդ տարեկան զեկոյցը։
Քահանայապետական յանձնաժողովին յայտարարութեան համաձայն, Գերպ Վերնիին ինք է որ խնդրած տեսնուիլ Պապին հետ, անձամբ շնորհակալութիւն յայտնելու համար Քահանայապետին Իրեն ցուցաբերած վստահութեան համար եւ ներկայացնել եկեղեցւոյ պաշտպանութեան քաղաքականութեան եւ ընթացակարգերու վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը։ Այս զեկոյցը կազմուած է Ֆրանչիսկոս Պապին նախաձեռնութեամբ 2022 թուականի, նպատակ ունի գնահատել եւ խթանել տեղական եկեղեցիներու եւ կրօնական հաստատութիւններու պաշտպանութեան կարողութիւնները՝ առաջարկելով գործնական առաջարկութիւններ՝ ձեռք բերուած Եկեղեցւոյ տարբեր շրջանակներու մէջ ապրած փորձառութիւններէ։ Առաջին զեկոյցը ներկայացուած է 29 հոկտեմբեր 2024ին։
Հանդիպումի ընթացքին նշուած է յայտարարութեան մէջ, Արք Վերնի վերահաստատեց յանձնաժողովին յանձնառութիւնը՝ շարունակելու Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Praedicate Evangelium-ի միջոցաւ իրեն վստահուած առաքելութիւնը, զարգացնելու պաշտպանութեան քաղաքականութիւնը, կազմել տարեկան զեկոյց եւ աջակցիլ տեղական եկեղեցիներուն Memorare նախաձեռնութեան միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
