Լեւոն ԺԴ. Պապին հեռագիրը Հռոմի Ռաբբունապետին` հրէական տօներուն առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հրէական Ռոշ Հաշանայի, Եոմ Քիփուրի եւ Սուքքոթի տօներուն առիթով Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը շնորհաւորական հեռագիր մը յղած է Հռոմի Հրեայ Համայնքի Ռաբբունապետ Ռիքարտօ Տի Սենյիին։
Ռոշ Հաշանան հրէական Նոր տարին է և ապաշխարութեան «Սարսափելի օրերու» սկիզբը, Եոմ Քիփուրը՝ Քաւութեան օր և ապաշխարութեան նուիրուած ամենահանդիսաւոր տօնն է , իսկ Սուքքոթին՝ Տաղաւարներու տօնը, որ կը նշէ ուրախութիւնն ու վստահութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ, խորհրդածութեան շրջանէն յետոյ։
Հեռագիրին մէջ Սրբազան Պապը իր ամենաջերմ շնորհաւորութիւնները փոխանցած է Ռիքարտօ Տի Սենյիին ու Հռոմի հրեայ հասարակութեան նշելով նաեւ, որ «երախտապարտութեամբ կը յիշէ Ռաբբունապետին ներկայութիւնը իր քահանայապետութեան առաքելութեան սկիզբի արարողութեան, անցեալ 8 մայիս 2025-ին»։
«Յաւիտենական Աստուած, իր անսահման բարութեամբ, թող մօտ ըլլայ ձեր համայնքին և աջակցի մեր բոլոր ջանքերուն՝ մեր միջև բարեկամութիւնը խորացնելու համար, Հռոմ քաղաքի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ» գրած է ապա Սրբազան Պապը հեռագիրին մէջ, զոր աւարտած է մաղթանքով, որ «Աստուած, իր անսահման ողորմութեամբ, մեզի շնորհէ խաղաղութեան պարգևը և զայն միշտ խթանելու անխոնջ ցանկութիւնը։ Շալոմ, Ալեխեմ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
