2025.09.10 Udienza Generale

Աղօթենք պատերազմի թիրախ բոլոր մանուկներուն համար. Լեւոն ԺԴ

Հրապարակային ընդհանուր ունկնկդրութեան առիթով զանազան լեզուներով արտասանած ողջոյնի խօսքերու աւարտին Քահանայապետը միտքը յղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն ըսելով. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը հաւաստիացնեմ իր աղօթքս։ Ձեզի սիրելի երիտասարդներ Տիրոջմէ կը խնդրեմ միշտ աւելի հասուն հաւատքի մը պարգեւը, ձեզի սիրելի հիւանդներ, միշտ աւելի զօրեղ հաւատք մը եւ ձեզի նորապսակներ` միշտ աւելի խոր հաւատք մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կ՛ ողջունում արաբախօս հաւատացեալները յատկապէս Սուրբ Երկրէն եկածները։ Կը Հրաւիրեմ ձեզ փորձութեան և նեղութեան պահերուն ձեր աղաղակը վերածելու վստահ աղօթքի, քանի` որ Աստուած միշտ կը լսէ իր զաւակներուն աղաղակը և կ՛ արձագանքէ այն պահին, երբ ինք յարմարագոյնը կը համարէ  մեզի համար։ Թող Տէրը օրհնէ ձեզ բոլորիդ և միշտ պաշտպանէ ձեզ ամէն չարէ». Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին խօսքերն են ասոնք, զոր Ան արտասանեց 10 սեպտեմբերին Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, տարբեր լեզուներով ողջունելով ունկնդրութեան մասնակցող իտալացի եւ օտարերկրեայ բազմահազար հաւատացեալները։ 

Ֆրանսացի ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց անցեալ կիրակի օր Սուրբ հռչակուած  Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիի եւ Քարլօ Աքութիսին, հրաւիրելով փորձութեան ժամանակ անոնց նման Քրիստոսէն սորվիլ յոյսին աղաղակը և մեր սրտերը բանալու ցանկութիւնը` Հօր կամքին, որ կը փափաքի մեր փրկութիւնը»։ 

Ողջունելով հուսկ Փորթուկալցի հաւատացեալները Ան  հաստատեց` թէ «չկայ աւելի մեծ սէր քան Յիսուսինը խաչին վրայ, որ նուիրուեցաւ Հօր, մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար։ Բանանք առանց վախի մեր սրտերը այդ սիրոյն, որ պաճառն է մեր յոյսին», ըսաւ  Սրբազան Պապը։

Իսկ լեհ ուխտաւորներուն ուղղած խօսքին մէջ Ան յիշեց այսօր յիշատակուող Բ համաշխարհային պատերազմի զոհ` լեհ մանուկններուն ազգային օրը, ապա հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց աղօթքներուն ու մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ յիշելու նաեւ Ուքրանիոյ, Կազայի եւ աշխարհի այլ վայրերուն մէջ պատերազմներու զոհ մանուկնրը։  

«Ես ձեզ և այսօր տառապող մանուկները կը  վստահիմ Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Խաղաղութեան Թագուհիի պաշտպանութեան եւ ձեզ կ՛ օրհնում բոլորդ իմ սրտի խորքէն» յարեց Լեւոն ԺԴ. որ զանազան լեզուներով արտասանած ողջոյնի խօսքերու աւարտին միտքը յղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն ըսելով. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը հաւաստիացնեմ  իմ աղօթքս։ Ձեզի սիրելի երիտասարդներ  Տիրոջմէ կը խնդրեմ միշտ աւելի հասուն հաւատքի մը պարգեւը, ձեզի սիրելի հիւանդներ, միշտ աւելի զօրեղ հաւատք մը եւ ձեզի նորապսակներ` միշտ աւելի խոր հաւատք մը։  

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2025, 11:04