Պաղեստինը ճանչնալ կ՛օգնէ բայց երկխօսութիւն չկայ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այս երկուշաբթի օր եւս Լեւոն ԺԴ. ինչպէս նախորդ շաբաթները Վատիկանէն մէկ օրով տեղափոխուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոց որտեղէն վերադարձ կատարեց երեքշաբթի երեկոյեան ու նախ վան Վատիկան վերադառնալը Քահանայապետական ամարանոցի մուտքին կանգ առաւ ու զրուցեց մի քանի լրագրողներու հետ պատասխանելով անոնց ուղղած հարցումներուն հայող` Պաղեստինեան հարցին ու երկու Պետութիւն լուծումին։
«Սուրբ Աթոռը, ըսաւ Քահանայապետը, երկու Պետութիւններու լուծումը ճանչցաւ շատ տարիներ առաջ» աւելցնելով, որ «հարկ է որոնել ձեւ մը` յարգելու համար բոլոր ժողովուրդները», ու նաեւ, թէ Պաղեստին Պետութեան ճանաչումը «կարող է օգնել, բայց այս պահուն միւս կողմէն չկայ ունկնդրութեան իսկական կամք, ուստի երկխօսութիւնը առ այժմ կասեցուած է»։
Կազայի մասին խօսելով Քահանայապետը նշեց, թէ ինք կապ հաստատած է Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան հետ ու «փառք Աստուծոյ լաւ են» բայց «ռմբակոծումները շատ աւելի մօտիկ են անոնց» ըսաւ Լեւոն ԺԴ։
Իսկ ինչ կը հայի Եւրոպայի և Ռուսաստանի ներխուժումներուն Լեւոն Պապին համար կան անձինք «որոնք կը փորձեն սրել իրավիճակը, եւ այդ մէկը երթալով աւելի վտանգաւոր կը դառնայ»։ Ասկէ մեկնելով Ան անհրաժեշտ նկատեց «վար առնել զէնքերը», «դադրեցնել ռազմական յառաջխաղացումը» և մօտենալ «երկխօսութեան սեղանի շուրջ», ընդգծելով, որ «եթէ Եւրոպան իսկապէս միասնական ըլլար, ան կարող էր շատ բան ձեռք բերել»։
«Վերազինումի մասին արտայայտուելով Լեւոն Քահանայապետը ընդունեց, որ ասիկա «քաղաքական հարցերէն կախեալ է, որոնք պայմանաւորած են նաև Եւրոպայէն դուրս ճնշումներէ», զոր աւելի լաւ է «չմեկնաբանել» ըսաւ Ան։ Ապա Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործողութիւններու վերաբերեալ բացատրեց. «Մենք անընդհատ կը խօսինք դեսպաններու հետ, ինչպէս նաև լուծում կը փնտռենք Պետութիւններու Ղեկավարներուն հետ, երբ անոնք մեզ կ՛այցելեն», որոնցմէ մի քանիներուն հետ տեղի ունեցան քննարկումներ, յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
