Pope Leo takes possession of Rome's Basilica of St. John Lateran

Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Հռոմի Եկեղեցւոյ Թեմական Ժողովը

Եկեղեցական Թեմական Ժողովին կը մասնակցին Հռոմի Թեմի բոլոր ժողովրդապետները, անոնց համագործակից քահանաները, Ռեկտորները, մատրանապետները եւ սարկաւագները, հուսկ իւրաքանչիւր ժողովրդապետութենէ երեք աշխարհականներ եւ իգական ու արական կրօնաւորական հաստատութիւններու մի քանի ներկայացուցիչնե
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Այսօր Ուրբաթ` 19 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը վեցին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան մայր տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Հռոմի Եկեղեցւոյ Թեմական Ժողովը։

Սրբազան Պապը Վատիկանէն պիտի մեկնի ժամը 5,40 անց եւ հաւաքի վայր ժամանելուն պիտի դիմաւորուի Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնայի կողմէ, ապա ինչպէս նշեցինք Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայէն ներս պիտի գլխաւորէ` Խօսքի ծիսակատարութիւնը բացումը կատարելով Հռոմի Թեմի հովուական ծառայութեան տարուան ու Հռոմի Եկեղեցւոյ Թեմական Ժողովի մասնակիցներուն պիտի յանձնէ հովուական տարուան նուիրուած ցուցմունքներ։

Եկեղեցական Թեմական Ժողովին կը մասնակցին Հռոմի Թեմի բոլոր ժողովրդապետները, անոնց համագործակից քահանաները, Ռեկտորները, մատրանապետները եւ սարկաւագները, հուսկ իւրաքանչիւր ժողովրդապետութենէ երեք աշխարհականներ եւ իգական ու արական կրօնաւորական հաստատութիւններու մի քանի ներկայացուցիչներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2025, 10:33