Որոնել

Լեւոն ԺԴ եւ Մոլտավիայի Նախագահը Լեւոն ԺԴ եւ Մոլտավիայի Նախագահը  (ANSA)

Սրբազան Պապը ընդունեց Մոլտավիայի Հանրապետութեան նախագահը

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ գոյութիւն ունեցող երկկողմանի յարաբերութիւններու համար, մաղթանքով որ անոր աւելիով ամրապնդուին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 12 սեպտեմբերի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Մոլտավիայի Հանրապետութեան Նախագահ` Տիկ. Մայա Սանտույին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար, Վսեմաշուք Կարդինալ` Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու և Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Ռիչարտ Կալլակէրը»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նշելով` որ «Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ գոյութիւն ունեցող երկկողմանի յարաբերութիւններու համար, մաղթանքով որ անոր աւելիով ամրապնդուին»։

«Այնուհետև զրոյցները կենտրոնացան խաղաղութեան և անվտանգութեան իրավիճակի վրայ տեղական, տարածաշրջանային և միջազգային մակարդակներով, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիայի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն» նշուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2025, 12:59