Կարելի չէ ծառայել Աստուծոյ եւ հարստութեան. Լեւոն ԺԴ. քարոզը Սրբուհի Աննա Եկեղեցւոյ մէջ

«Հարստութիւնը կեանք չի փրկեր։ Միայն Աստուած է որ կ՜ընէ այդ մէկը» հաստատեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով սաղմոսերգուին խօսքերը ու հաստատելով որ Աստուած կը գործէ որպէս Բարի Հայր մը, հանդէպ բոլորին։ Ան արդարեւ արարչութեան բարիքները կը յատկացնէ բոլորին եւ ոչ թէ մի քանի առանձնաշնորհեալներու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 21 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը տասին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը կիրակնօրեայ պատարագը մատուցեց Վատիկանի Ժողովրդապետութիւն` Սրբուհի Աննայի Եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը ուրախութիւն յայտնեց «Քահանայապետական Սրբուհի Աննա ժողովրդապետութեան մէջ», մատուցելու պատարագը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Օգոստինեան կրօնաւորներուն, որոնք տարիներէ ի վեր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն ժողովրդապետութեան ներքոյ։

Սրբազան Պապին ողջոյնը Օգոստինեան Միաբանութեան նոր մեծաւորին եւ 103 տարեկան քահանայաին

Ան ապա ողջունեց Օգոստինեան միաբանութեան նորընտիր Մեծաւորը Հայր Ժոզէֆ Ֆարրել եւ 103 տարեկան Հայր Ճոելէ Սքիավելլա հուսկ ակնարկեց Սրբուհի Աննա Եկեղեցւոյ յատուկ վայրին, որ կը գտնուի Վատիկանի եւ Իտալիոյ «սահմանին», ուր «Վատիկան մտնողներն ու դուրս եկողները կ՛անցնին անոր առջեւէն» ու կարող են նշմարել` որ այնտեղ կան սրտեր ու դռներ «որոնք միշտ բաց են աղօթքի, ունկնդրութեան ու բարեսիրութեան»։

Ոչ մէկ ծառայ կարող է ծառայել երկու տէրերու

Խորհրդածելով հուսկ օրուան Աւետարանին վրայ, քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչի 16 րդ գլուխէն, ուր Յիսուս կը հաստատէ թէ` «ոչ մէկ ծառայ կարող է ծառայել երկու տէրերու», ու թէ «կարելի չէ ծառայել Աստուծոյ եւ հարստութեան», Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց Աստուած սեփականութեան հետ փոխարինելու վտանգէն, որ մարդս կը դարձնէ կասկածամիտ, անվստահ և ուրիշներէն հեռու։

«Այս կը նշանակէ ընտրել ուր զետեղել մեր սիրտը, ու յստակ ընտրել զով կը սիրենք անկեղծ կերպով, որու՜ կը ծառայենք նուիրումով եւ ո՞րն է մեր իսկական բարիքը» յարեց իր միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով մարդուս կարիքաւոր ըլլալու էութեան ու մատնանշելով թէ ինչպէս «հարստութեան ծարաւը, կարող է Աստուծոյ տեղը գրաւել մեր սրտին մէջ, երբ մենք կարծենք թէ ան է` որ կարող է փրկել մեր կեանքը։

Միայն Աստուած է որ կեանք կը փրկէ 

«Հարստութիւնը կեանք չի փրկեր։ Միայն Աստուած է որ կ՜ընէ այդ մէկը» հաստատեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով սաղմոսերգուին խօսքերը ու հաստատելով որ Աստուած կը գործէ որպէս Բարի Հայր մը, հանդէպ բոլորին։ Ան արդարեւ արարչութեան բարիքները կը յատկացնէ բոլորին եւ ոչ թէ մի քանի առանձնաշնորհեալներու։

«Տիրոջ խօսքը, ըստ էութեան, մարդիկ չի լարեր մէկը միւսին դէմ ...այլ բոլորը կը մղէ ներքին յեղափոխութեան մը, դարձի, որը կը սկսի սրտէն։ Այդ ժամանակ մեր ձեռքերը կը բացուին՝ տալու, ոչ թէ վերցնելու համար։ Այդ ժամանակ մեր միտքը կը բացուի՝ աւելի լաւ հասարակութիւն նախագծելու, եւ ոչ թէ ամենացած գնով գործարքներ որսալու համար։ Ան որ Աստուծոյ կը ծառայէ ազատ կը դառնայ հարստութենէն. Սակայն ան որ հարստութեան կը ծառայէ անոր ստրուկը կը դառնայ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով նաեւ որ «Ան որ արդարութիւնը կը փնտռէ, հարստութիւնները կը վերածէ հասարակաց բարիքի, իսկ ան որ գերիշխանութիւն կը փնտռէ, հասարակաց բարիքը կը վերածէ իրեն սեփական ագահութեան զոհի։

Պատերազմը լուրջ սպառնալիք

Քահանայապետը առ այդ իր քարոզը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով նեաւ անոնց որոնք տարբեր ձեւերով կը համագործկացին ժողովրդապետական համայնքին հետ, քաջալերելով զանոնք յոյսով յարատեւելու այդ գործին մէջ ժամանակհատուածի մը ընթացքին ուր պատերազմը լուրջ սպառնալիք է։

«Համայն ժողովուրդներ այսօր ջախջախուած են բռնութենէն և աւելի շատ՝ անամօթ անտարբերութենէն եւ այդ ողբերգութիւններուն առջև մենք չենք ուզեր կրաւորական ըլլալ , այլ խօսքերով ու գործերով հռչակել, որ Յիսուս աշխարհի Փրկիչն է, ԱՆ, որ մեզ կ՛ ազատէ ամէն չարէ։ Թող Անոր Հոգին դարձի բերէ մեր սրտերը, որպէսզի սնուելով Սուրբ Հաղորդութեամբ՝ Եկեղեցւոյ գերագոյն գանձով, մենք կարողանանք դառնալ բարեգործութեան և խաղաղութեան վկաներ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2025, 10:33