Գերապայծառ Վաչովսքի` Իրաքի մօտ Պապական Նուիրակ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 18 սեպտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Իրաքի մօտ Առաքելական Նուիրակ նշանակեց Գերապայծառ Միրոզլաւ Սթանիզլաւ Վաչովսքին, որ մինչեւ օրս կը վարեր, Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարի պաշտօնը, անոր շնորհելով նաեւ «Villamagna di Proconsolare» թեմի տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոսի տիտղոսը։ Անուանումին լուրը տուաւ այսօր առաւօտեան Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը։
Նորանշանակ Լեհ Նուիրակը ծնած է 8 Մայիս 1970։ Քահանայ ձեռնադրուած է 15 Յունիս 1996-ին։ Աւարտած է Եկեղեցական Կանոնագիտութեան մասնաճիւղը եւ մէկ Յուլիս 2004-ին մաս կազմած է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան, ծառայութիւն մատուցելով տարբեր առաքելական ներկայացուցչութիւններուն մօտ, ինչպէս Սենեկալի մէջ, ԵԱՀԿ-ի եւ Վիեննայի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի գրասենեակի Սուրբ Աթոռի մշտական դէտի գրասենեակներուն մէջ, ու նաեւ Լեհաստանի մէջ գտնուող Առաքելական Նուիրակութեան մէջ և 2019էն ի վեր՝ ինչպէս նշեցինք ՊետականՔարտուղարութեան Պետութիւններու և Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնների բաժնին մէջ, ։
Ան կը խօսի Իտալերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Սպաներէն եւ Ռուսերէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
