2025.09.10 Capitolo generale dei Carmelitani

Քահանայապետը Քարմելիթան միաբանութեան. Ձեր գործունէութեամբ եղէք սիրոյ, միութեան եւ ողորմութեան վկաները

«Մինչ կը համախմբուիք այս Յոբելենական տարուան առիթով, կը մաղթեմ որ այս ժամանակը ըլլայ հոգեւոր նորոգութեան առիթ» գրեց Սրբազան Պապը պատգամին սկիզբը ապա ակնարկեց Ժողովի նիւթին. «Մեր հայեցողական եղբայրութիւնը կը զատորոշէ առաքելութիւնը», որ, նշեց Սրբազան Պապը «կը մարմնաւորէ Քարմելիթան խարիզմը ցոյց տալով թէ ինչպէս բաժնեկցուած աղօթքի կեանքը կը կազմէ հիմքը ձեր Եկեղեցւոյ ու աշխարհին մատուցած ծառայութեան» ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

9էն 26 սեպտեմբերին Ինտոնեզիայի Մալակ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Քարմելիթան միաբանութեան ընդհանուր ժողովը, որուն առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Míċeál O’Neill-ին, որուն ընթերցումը կատարուեցաւ ընդհանուր ժողովի բացման արարողութեան առիթով։

9 սեպտեմբերին մատուցուած Սուրբ Զոհի ընթացքին ընդհանուր մեծաւորը խրախուսեց ներկաները խորապէս մտածելու իրենց ինքնութեան եւ առաքելութեան մասին, Քարմելիթան կոչումի, եղբայրութեան ու զատորոշումի հետքերով, ապա յետմիջօրէին ան ներկայացուց միաբանութեան վիճակի մասին՝ զեկոյցը։

Այս առիթով, ինչպէս նշեցինք Լեւոն ԺԴ. Պապը ուղղեց յատուկ պատգամ մը, որուն մէջ քաջալերեց Քարմելիթան Միաբանութեան անդամները հայեցողական եղբայրութիւնը ապրելու որպէս իրենց առաքելութեան կիզակէտը։

«Մինչ կը համախմբուիք այս Յոբելենական տարուան առիթով, կը մաղթեմ որ այս ժամանակը ըլլայ հոգեւոր նորոգութեան առիթ» գրեց Սրբազան Պապը պատգամին սկիզբը ապա ակնարկեց Ժողովի նիւթին. «Մեր հայեցողական եղբայրութիւնը կը զատորոշէ առաքելութիւնը», որ, նշեց Սրբազան Պապը «կը մարմնաւորէ Քարմելիթան խարիզմը ցոյց տալով, թէ ինչպէս բաժնեկցուած աղօթքի կեանքը կը կազմէ հիմքը ձեր Եկեղեցւոյ ու աշխարհին մատուցած ծառայութեան» ։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա միաբանութեան անդամները մարմնաւորելու Քրիստոսին սիրալիր հայեացքը, կարդալու ժամանակներուն նշանները, եւ իրենց գործունէութեամբ ըլլալու սիրոյ, միութեան եւ ողորմութեան վկաները։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին աշխատանքները յանձնելով Monte Carmelo-ի Տիրամօր ու իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2025, 14:48