Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը 

Քահանայապետը գրեց ուսանողուհիի մը «Չկորսնցնենք յոյսը այս դժուար ժամանակներուն»։

«Սուրբ Պետրոս հրապարակ» վերջին ամսաթերթին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին պատասխանը Հռոմէացի ուսանողուհիի մը նամակին, որ կասկածի տակ կը դնէ երիտասարդներուն ու աշխարհին ապագան. «Կ՝ապրինք դժուար ժամանակներուն մէջ. Չարը կարծես կը տիրէ մեր կեանքին մէջ։ Պէտք ենք մեր յոյսը դնել Յիսուսի վրայ», նշեց Սրբազան Հայրը՝ խնդրելով ուսանողուհիէն, որ զինք տեղեակ պահէ իր ուսումներուն մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատասխանեց Վատիկանի տաճարի կողմէ հրատարակուած եւ Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոյին կողմէ խմբագրուած « Սուրբ Պետրոս հրապարակ» ամսաթերթի ընթերցողներուն։

Սեպտեմբեր ամսուայ ամսաթերթին մէջ Քահանայապետը պատասխանեց 21 ամեայ Հռոմէացի բժշկութիւն ուսանող Վերոնիքային։ «Իմ երազս է դառնալ բժիշկ եւ օգնել մարդոց բուժուելու համար իրենց հիւանդութիւններէն» գրեց աշակերտուհին, որ մտահոգուած է այս ժամանակահատուածով, զոր բնութագրուած է մտահոգութիւններով, շփոթութիւնով, պատերազմի քանդումներով ինչպէս նաեւ մահուան պատկերներով՝ յատկապէս անմեղներուն մահը։ Կը թուի թէ գրեթէ անկարելի է խաղաղութեան մէջ ապրիլ։ Ի՞նչ տեսակ ապագայ կը սպասէ մեզի» գրեց Վերոնիքա « Արդեօ՞ք կարել է յոյս ունենալ աւելի լաւ աշխարհի վրայ։ Եւ ի՞նչ կրնանք ընել մենք՝ երիտասարդներս, որպէսզի դա իրականութիւն դառնայ։»։

Դժուար ժամանակներ

«Մենք կ՝ապրինք դժուար ժամանակներուն մէջ, բայց սա պէտք չէ մեզ ստիպել կորսնցնել յոյսը աւելի լաւ աշխարհի հանդէպ», գրեց Լեւոն ԺԴ. Պապը պարզ, քաջալերանքի խօսքեր գործածելով։

«Սիրելի Վերոնիքա, նախ եւ առաջ սրտանց կը մաղթեմ, որ դուն կարենաս երազդ իրականացնել։ Մասնագիտութիւնը, որուն դուն կը ձգտիս ամենաազնուական մասնագիտութիւններէն մին է եթէ զայն կ՝ապրիս որպէս ծառայութիւնը տկարներուն եւ դժբախտներուն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով բոլոր անոնց որոնք տնտեսական միջոցներ չ՝ունին կամ ալ կ՝ապրին դժուար իրավիճակի մէջ։ Քու հարցումներդ այն են որոնք իրենց սիրտերուն մէջ ունին քու տարեկիցներդ»։

Յոյսը որպէս դիմադրութիւն

Նամակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը վստահութեան խօսքը ուղղելով գրեց, որ «Այո՛ ճիշդ է որ մենք կ՝ապրինք դժուար ժամանակներուն մէջ։ Չարը կարծես կը տիրէ մեր կեանքին մէջ։ Պատերազմները կը խլեն աւելի շատ անմեղ զոհեր», բայց մենք երբեք պէտք չէ կորսնցնենք յոյսը ու յիշեց Սուրբ Օգոստինոսը յորդորելով» Լաւ ապրինք, եւ ժամանակները լաւ պիտի դառնան։ Մենք ենք ժամանակները։ Որպէսզի սա իրականանայ պէտք է, որ մեր յոյսը դնենք Յիսուսի վրայ։ Ան է որ մեր սիրտին մէջ կ՝արթնցնէ մեր կեանքին մէջ մեծ բան մը կատարելու փափաքը։ Ան է որ քեզի ուժ կու տայ բարելաւելու քու կեանքդ ու քեզ շրջապատող ընկերութիւնը, որպէսզի մեր ապրած ժամանակները իսկապէս լաւ դառնան»։

Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը

Քահանայապետը նամակը աւարտեց կրկնելով Թոր Վերկաթայի մէջ երիտասարդներու ուղղած հրաւէրը։ «Ասոր համար կը կրկնեմ Թոր Վերկաթայի մէջ բոլոր երիտասարդներուն ուղղած հրաւէրս։ «Մշակեցէք Յիսուսի հետ ձեր բարեկամութիւնը։ Դա կ՝արժէ։ Վստահ եղէ՛ք։ Տեղեկացուր զիս քու ուսմունքներուն եւ ներքին ուղեւորութեան մասին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2025, 09:45