Քահանայապետը պիտի հանդիպի Իսրայէլի նախագահ Հերցոկի ապա Լեհաստանի նախագահ Նավրոքի հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 4-ին, ժամը 10:00-ին, Լեւոն ԺԴ Պապը կը հանդիպի Իսրայէլի նախագահ, 64 ամեայ Իսահակ Հերցոկի հետ, որ կը պաշտօնավարէ 2021 թուականէն։ նախատուած է, որ նախագահը հանդիպում ունենայ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։ Այս մասին յայտարարեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Սա Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Հերզոկի միջեւ երկրորդ հանդիպումն է։ Նախագահը արդարեւ Վատիկան Ժամանած էր Լեւոն ԺԴ Պապին գահակալութեան նուիրուած պատարագին մասնակցելու համար, 2025 թուականի մայիս 18ին։
Ուրբաթ, 5 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը օրուան առաջին հանդիպումը պիտի ունենայ 42 ամեայ Լեհաստանի նախագահ Քարոլ Նավրոքի հետ, որ նախագահի պաշտօնը ստանձնեց 2025 թուականի օգոստոս ամսուան սկիզբը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
