Սրբազան Պապը մասնակցեցաւ Վատիկանի ընտանիքներու տօնին

Ի՞նչ գեղեցիկ է միասին համախմբուիլ յատկապէս ընտանիքներու այս տօնակատարութեան առիթով» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին արտասանած առաջին խօսքերը, երբ Ան ժամանեց տօնակատարութեան վայր ծափահարութիւն մը խնդրելով մանուկներուն համար, ապա աւելցուց. «Այնպէս ինչպէս ձեր մայրերն ու հայրերը ձեզ կը սիրեն, երբ մենք բոլորս միասին հաւաքուած ենք իրար կը սիրենք իրապէս, որովհետեւ բոլորս կը կազմենք Աստուծոյ ընտանիքը, մեր եղբօր մեր ամենալաւ բարեկամ Յիսուսին հետ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ շաբաթ օր` կէսօրէն ետքը, Վատիկանի Կառավարութեան շէնքի հրապարակին վրայ, Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Վատիկանի աշխատաւորներու ընտանիքներուն տարեկան տօնը յատկապէս յատկացուած մանուկներուն, որոնք բացի իրենց վերապահուած խաղերէն ու զուարճութեան պահերէն ապրեցան յատուկ անակնկալ մը երբ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը յայտնուեցաւ իրենց միջեւ եւ ուզեց իրենց հետ կիսել այդ ուրախութեան պահերը։

Տօնախմբութիւնը նախատեսուած էր անցեալ Մայիսին սակայն Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան ու նոր Քահանայապետի ընտրութեան բերումով տեղափոխուեցաւ Սեպտեմբերին։

«Բարեւ ձեզ, Բարի երեկոյ։ Ի՞նչ գեղեցիկ է միասին համախմբուիլ յատկապէս ընտանիքներու այս տօնակատարութեան առիթով» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին արտասանած առաջին խօսքերը, երբ Ան ժամանեց տօնակատարութեան վայր ծափահարութիւն մը խնդրելով մանուկներուն համար, ապա աւելցուց. «Այնպէս ինչպէս ձեր մայրերն ու հայրերը ձեզ կը սիրեն, երբ մենք բոլորս միասին հաւաքուած ենք իրար կը սիրենք իրապէս, որովհետեւ բոլորս կը կազմենք Աստուծոյ ընտանիքը, մեր եղբօր մեր ամենալաւ բարեկամ Յիսուսին հետ»։

«Մեր բաց սրտով կ՛ուզենք ապրիլ այս գեղեցիկ պահը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը  եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու շնորհակալ եղաւ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար ապա յատուկ խօսք մը ուղղելով ծնողներուն կարեւորելով «ընտանիքներուն վկայութիւնը այսօրուայ մեր աշխարհին մէջ» շնորհակալութիւն յայտնելով այդ վկայութեան համար ու ծնողներուն յանձն առած զոհողութիւններուն համար, «ընտանիքին մէջ ապրելու միացած ու աշխարհին վկայելու այդ պատգամը»

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւիրեց բոլոր ներկաները աղօթելու Ողջոյն Քեզ Մարիամը որմէ ետքը շրջեցաւ տօնակատարութեան մասնակցող ընտանիքներուն միջեւ, բարեւելով ու զրուցելով անոնց հետ, ապրելով ու կիսելով անոնց ուրախութիւնը` ուրախութիւն ըլլալու ընտանիք մը, Քահանայապետին հետ միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2025, 08:00