Որոնել

Միջ կրօնական հանդիպում Միջ կրօնական հանդիպում 

Լեւոն ԺԴ. Խաղաղութիւնը ամենաթանկագին երազանքն է, զայն կառուցենք երկխօսութիւնը բեղուն պահելով։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին պատգամը Պանկլատէշի մէջ կայացած միջ կրօնական հանդիպումի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամ մը յղեց Պանկլատէշի մէջ կայացած միջ կրօնական հանդիպումի մասնակիցներուն՝ ընդգծելով եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ ներդաշնակութեան մշակոյթի խթանման կարեւորութիւնը։Քահանայապետը խաղաղութեան իր ողջոյնը ուղղեց՝ զայն անուանելով «զինաթափ եւ զինաթափող, խոնարհ եւ յարատեւ» խաղաղութիւն մը, որ կը ձգտի բարեգործութեան եւ մտերմութեան, յատկապէս տառապողներուն նկատմամբ։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը «մշակոյթի» տիպարը օգտագործեց երկու իմաստով՝ որպէս ժողովուրդի ժառանգութիւն եւ որպէս աճումը խթանող միջավայր ու միջ կրօնական երկխօսութիւնը համեմատեց այգեպանի հետ, որ կը խնամէ եղբայրութեան դաշտը, կը վերացնէ նախապաշարումի խոտերը, եւ կը հակազդէ բաժանումին, կասկածամտութեան եւ վախին ու ընդգծեց որ դաւանանքներուն տարբերութիւնները պէտք չեն, որ մեզ բաժնեն, այլ պէտք են ըլլալ փոխադարձ հարստութեան աղբիւր։

Ներդաշնակութեան մշակոյթի կառուցումը, նշեց Սրբազան Հայրը կը գերազանցէ գաղափարները ու կը դրսեւորուի շօշափելի գործողութիւններուն մէջ, ինչպէս ընկերութեան մէջ ամենախոցելիներուն ծառայելը ու այս կապակցութեամբ օրինակ բերաւ Պանկլատէշը ուր՝ տարբեր դաւանանքներու պատկան անձեր միացան համերաշխութեան մէջ բնական աղէտներուն ժամանակ ցոյց տալով, որ համագործակցութիւնը թշնամութեան ամենարդիւնաւէտ հակաթոյնն է։ Երբ երկխօսութիւնը կը թարգմանուի գործողութիւններուն մէջ կը հաստատուի, որ խաղաղութիւնը մեր ամենամեծ երազանքն է, նշեց Սրբազան Հայրը։

Ի վերջոյ Քահանայապետը վերահաստատեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը քալելու երկխօսութեան ուղիէն ներս՝ խրախուսելով յարատեւելու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու իւրաքանչիւր դրական փոխազդեցութիւն, իւրաքանչիւր համատեղ ծառայութիւն ինչպէս նաեւ բարութեան իւրաքանչիւր դրսեւորում որակեց որպէս «աղիւս» սիրոյ քաղաքակրթութիւն կառուցելու համար։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը միջ կրօնական հանդիպումի մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ողջ աշխարհի, «որ շտապ կարիքը ունի եղբայրութեան լոյսին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2025, 13:28