Դիւահաններու միջազգային համագումար Դիւահաններու միջազգային համագումար 

Լեւոն ԺԴ. Դիւահաններուն. Ձեր պաշտօնը շատ նուրբ եւ անհրաժեշտ է

Սակրոֆանոյի մէջ կայացած դիւահաններու միջազգային ընկերակցութեան համաժողովին ուղղած պատգամին մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց ազատագրութեան եւ մխիթարութեան աղօթքներով միանալ սատանայի պատճառով տառապող հաւատացեալներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը իր գնահատանքը յայտնեց դիւահան քահանաներուն, դիւահաններուն միջազգային ընկերակցութեան համաժողովին 15-րդ համագումարի ժամանակ կարդացուած պատգամին մէջ, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 15էն 20ին, հռոմի մէջ գտնուող Սակրոֆանոյի Ֆրաթերնա Տումուս հոգեւոր կեդրոնին մէջ։ Հանդիպումի մասնակցեցան մօտ 300 քահանաներ եւ օգնական դիւահաններ՝ բոլոր ցամաքամասերէն։

Յաղթանակ չարի նկատմամբ

Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեցուց, թէ ինչքան շատ նուրբ եւ անհրաժեշտ է դիւահաններուն պաշտօնը, քաջալերելով քահանաները ապրելու այդ պաշտօնը որպէս ազատագրութեան եւ մխիթարութեան ծառայութիւնը՝ ընկերանալով հաւատացեալներուն, որոնք իսկապէս սատանային տիրապետութեան տակ կը գտնուին, աղօթքով եւ Քրիստոսի արդիւնաւէտ ներկայութեան խնդրանքով, որպէսզի դիւահանումի խորհուրդի միջոցաւ Տէրը յաղթանակ շնորհէ սատանային նկատմամբ։

Համագումարին ընթացքին տեղի ունեցաւ խորհրդածութեան պահեր, որոնք վերահաստատեցին դիւահանումի պաշտօնի կարեւորութիւնը, որպէս եկեղեցւոյ սիրոյ նշան տառապող եղբայրներուն հանդպէ» նշեց դիւահաններուն միջազգային ընկերակցութեան նախագահ, գերպ Քարէլ Օրլիթա։

Սաքրոֆանոյի մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Արթուր Ռոշ։ Ան Քարոզը կեդրոնացուց սատանայէն տառապողներու ուղեկցելու կարեւորութեան վրայ, որոնք տառապելով կը մասնակցին Քրիստոսին ցաւերուն։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը անցեալ 19 սեպտեմբերին մատուցած Սուրբ պատարագին ընթացքին իր քարոզին մէջ յիշեցուց որ եկեղեցւոյ մէջ ծառայելը կը նշանակէ ստանալ պարգեւ մը որ պէտք է պահպանուի եւ վերանորոգուի խոնարհութեամբ։ Հետեւաբար, Դիւահան քահանան կ՝աշխատի այս պարգեւով , որ կը պատկանի Քրիստոսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2025, 10:13