Մխիթարութեան Յոբելեանը. Լևոն ԺԴ.ը պիտի գլխաւորէ տառապողներուն նուիրուած աղօթքի հսկումը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 15 սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը հինգին Վատիկանեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պիտի հանդիսապետէ Մխիթարութեան Յոբելեանին նուիրուած աղօթքի հսկումը, որ Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան կեդրոնական ձեռնարկ մըն է նուիրուած բոլոր անոնց` որոնք կը դիմագրաւեն, ցաւը, սուգը, աղքատութիւնն ու տառապանքը։
Աղօթքի հսկումի արարողութեան ծիսակատարութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Բարի Սամարացիի առակին վրայ (Մարկոս 10, 25-37) որուն ընթացքին` «Տահեշ» ի կողմէ սպաննուած լրագրող James Foley-ի մայր` Տայան Ֆոլլէյը` պիտի ներկայացնէ վկայութիւն մը ու նոյնը պիտի ընէ նեաւ Լուչիա Տի Մաուրօ Մոնթանթինոն, 2009 թուականին սպաննուած անվտանգութեան աշխատակիցի մը այրին, ոը որոշեց ներել և աջակցիլ սպանութեան մէջ ներգրաւուած երիտասարդին։
Արարողութեան ընթացքին ի ցոյց պիտի դրուի Իտալիոյ Պաթթիփալիա քաղաքէն բերուած Յոյսի Տիրամօր արձանը, մինչ արարողութեան աւարտին բոլոր մասնակիցներուն պիտի բաշխուի յարութեան և յոյսի խորհրդանիշ հանդիսացող «Agnus Dei»ի օրհնուած մետալը:
Օրը պիտի սկսի Սուրբ Դռան կատարուած ուխտագնացութեամբ ու նախատեսուած է ութը հազար հինգ հարիւր ուխտաւորներու մասնակցութիւնը, որոնք պիտի ժամանեն աշխարհի տարբեր վայերէն, որոնց շարքին նաեւ բազմաթիւ ընկերակցութիւններ որոնք կը զբաղին «դիւրաբեկ» անձերու հոգատարութեամբ։
Զուգահեռաբար, Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Սիրելով, յուսալով, ողորմութիւն ընելով» խորագիրով Աստուածային Ողորմութեան առաջին ազգային համաժողովը, որ կազմակերպուած է «Misericordia Italia» համակարգող խումբի կողմէ։ Հաւատքի և կարեկցանքի ձեռնարկ՝ քրիստոնէական յոյսի լոյսով ողջագուրելու համար բոլոր անոնք` որոնք կը կրեն ցաւին բեռը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
