Լեւոն ԺԴ. մէկ օրով փոխադրուեցաւ Քասթել Կանտոլֆօ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 8 սեպտեմբերի երեկոյեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը իր «թելեկրամ» ընկերային ցանցին միջոցաւ տեղեկացուց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը երեկոյեան մեկնեցաւ Քասթեալ Կանտոլֆոյի «Պարպերինի» Պալատ, ուր «պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը,» տրուած ըլլալով` որ «երեքշաբթի օր չեն նախատեսուած ունկնդրութիւններ»։
Սրբազան Պապը վերադարձ կը կատարէ Վատիկան երեքշաբթի երեկոյեան։
Լեւոն ԺԴ ի տարբերութիւն իր նախորդին իր ընտրութենէն ասդին մի քանի անգամներ այցելեց Քասթեալ Կանտոլֆոն, ու վեց Յուլիսէն մինչեւ 22 Յուլիս այնտեղ անցուց հանգստեան շրջան մը, ապա օգոստոս ամսուայ կէսին Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին առիթով Ան դարձեալ մի քանի օրով փոխադրուեցաւ այնտեղ մինչ անցեալ հինգ սեպտեմբերին բացումը կատարեց «Borgo Laudato si'» աւանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
