Pope Leo XIV leads Angelus prayer at Castel Gandolfo

Քահանայապետը Քաթարի մէջ Համասի դէմ Իսրայէլի յարձակումի մասին. «Շատ լուրջ իրավիճակ»

Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը լքելով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պատասխանեց Տոհայի մէջ տեղի ունեցած ողբակոծութեան մասին ուղղուած հարցումի մը։ «Մենք չենք գիտեր դէպի ուր կ՛երթան հարցերը Մենք պէտք է շատ աղօթենք և շարունակենք աշխատիլ ու պնդել խաղաղութեան վրայ»։ Ղազա քաղաքի տարհանման հրամանի վերաբերեալ Սրբազան Պապը նշեց` որ փորձած է կապ հաստատել ժողովրդապետին հետ բայց նորութիւններ չունի
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Խօսելով Իսրայէլի կողմէ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի ռմբակրութեան մասին, որուն թիրախը Համասի առաջնորդներն էին Սրբազան Պապը որ այսօր վերադարձ կատարեց Վատիկան, Քասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցի մուտքին հաստատեց որ հասած լուրերը շատ ծանր եւ լուրջ են։

Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակի մասին. «Ամբողջ իրավիճակը իսկապէս լուրջ է», - ըսաւ Քահանայապետը, «Մենք չենք գիտեր, թէ ուր կ՛երթան հարցերը, միշտ ալ լուրջ, պէտք է սրտանց աղօթենք և շարունակենք աշխատիլ, ձգտիլ և պնդել խաղաղութեան վրայ»։

Ինչ կը հայի Իսրայէլի կողմէ Կազայի քաղաքի բնակիչներուն տեղահանումին, ռազմական գործողութիւններու սրման սպասումով, Սրբազան Քահանայապետը բացատրեց, որ փորձած է կապ հաստատել Սուրբ Ընտանիքի ժողովրդապետ` Հայր Կապրիել Ռոմանելիի հետ։ «Ես քիչ առաջ փորձեցի հեռաձայնել ժողովրդապետի, բայց նորութիւններ չունիմ», - ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով` որ «Անոնք, անշուշտ, լաւ էին, բայց այս նոր հրամանէն ետքը վստահ չեմ»։

Սրբազան Պապը ապա նախ քան Վատիկան վերադառնալը ողջունեց Քահանայապետական ամարանոցի մուտքին զինք սպասող հաւատացեալները ապա վերադարձաւ Վատիկան։ Ան Քասթել Կանտոլֆօ փոխադրուած էր երեկ կէսօրէն ետքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2025, 17:57