Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի միջեւ պաշտօնական առաջին հանդիպումը

Այս առաջին անգամն է` որ Գարեգին Բ.-ը պաշտօնական հանդիպում կ՛ունենայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, անոր 8 Մայիսին Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրութենէն ետքը, թէեւ առաջին անգամը չէ, որ Վեհափառ Հայրապետը կ՛այցելէ եւ հիւրը կը հանդիսանայ Վատիկանին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 16 սեպտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ, ուր տեղափոխուած էր երեկ երեկոյեան, ընդունեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։

Այս առաջին անգամն է` որ Գարեգին Բ.-ը պաշտօնական հանդիպում կ՛ունենայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, անոր 8 Մայիսին Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրութենէն ետքը, թէեւ առաջին անգամը չէ, որ Վեհափառ Հայրապետը կ՛այցելէ եւ հիւրը կը հանդիսանայ Վատիկանին։

Անոր առաջին այցը տեղի ունեցած էր 25 տարիներ առաջ, 2000-ի Յոբելենական Սուրբ Տարուան ընթացքին, երբ նորընտիր Կաթողիկոսը, 9 եւ 10 նոյեմբերին Վատիկան ժամանեց հանդիպելով այդ ժամանակ իշխող Քահանայապետ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին հետ, եւ այդ այցի ընթացքին Քահանայապետին հետ միասին ստորագրեց «Միացեալ Յայտարարութիւն» մը, երկու Եկեղեցիներու միջև լիակատար հաղորդակցութեան վերահաստատման ուղղութեամբ, որուն մէջ ի միջի ալոց նշուած է հետեւեալը.

“«Մենք միասնաբար կը խոստովանինք մեր հաւատքը հանդէպ Երեք և Մի Աստուածութեան՝ Մէկ Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսին, Աստուծոյ միակ Որդիին, որ մարդացաւ մեր փրկութեան համար: Մենք նաև կը հաւատանք Մի, Կաթողիկէ, Առաքելական և Սուրբ Եկեղեցւոյ: Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի Մարմին, իսկապէս մէկ է և եզակի: Այս մեր ընդհանուր հաւատքը՝ հիմնուած է Առաքեալներու եւ Եկեղեցւոյ Հայրերու ուսմունքին վրայ: Մենք նաև կ՛ ընդունինք, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին և Հայոց Եկեղեցին, ունին ճշմարիտ խորհուրդներ, մասնաւորապէս եպիսկոպոսներու առաքելական յաջորդականութեամբ՝ քահանայութիւնը և Հաղորդութեան Խորհուրդը։ Մենք կը շարունակենք աղօթել մեր միջև լիակատար և տեսանելի հաղորդութեան համար»։”

Վերոնշեալ այցելութեան առիթով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը Վեհափառին յանձնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին մասունքները, եւ այդ թուականէն մէկ տարի ետքը երջանկայիշատակ Քահանայապետը, Քրիստոնէութիւնը պետական ​​կրօն հռչակման 1700-ամեակի տօնակատարութեան առիթով, որպէս պատմութեան մէջ առաջին Քահանայապետ այցելութիւն տուաւ Հայաստան Երկիր` 2001-ի սեպտեմբերի 25-էն 27-ն։

Գարեգին Բ. Հայրապետը Վատիկան վերադարձաւ 2005 թուականի ապրիլի ութին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի յուղարկաւորութեան առիթով ապա Պենետիկտոս ԺԶ-ի հրաւէրով 2008-ի Մայիս ամսուայ 6էն 9-ն, Ան դարձեալ այցելեց Վատիկանը հանդիպում ունենալով Գերմանացի Քահանայապետին հետ եւ մասնակցելով այցելութեան առիթով կազմակերպուած համամիութենական աղօթքի մը։

Անկէ մի քանի տարիներ ետքը Գարեգին Բ. առիթը ունեցաւ նաեւ հանդիպելու հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ եւ այդ հանդիպումներէն ամենայատկանշական պահերէն մին եղաւ `12 ապրիլ 2015-ին հանդիպումը, երբ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ երջանկայիշատակ Քահանայապետըժ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի ներկայութեամբ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` հանգուցեալ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հայրապետին հետ միասին մատոյց «Մեծ Եղեռնի Սուրբ Նահատակներու յիշատակին» նուիրուած պատարագը, որուն ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապը վերահաստատեց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը և Սուրբ․ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Այս թուականէն գրեթէ մէկ տարի անց Ֆրանչիսկոս Պապը եւս այցելութիւն տուաւ Հայաստան Երկիր` 2016 Յունիս ամսուայ 24-26-ը, «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով։

2018 թուականի․ ապրիլի 4-ին՝ Վատիկանի այգիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի հանդիսաւոր բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան Գարեգին Բ-ը, Արամ Ա-ը, Գրիգոր Պետրոս Ի-ը եւ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը։

Նոյն տարուայ հոկտեմբերի 24-ին Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կրկին այցելեց Սրբազան Քահանայապետին ու հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը բարձրաստիճան հոգևորականներու հետ։

2020-ի սեպտեմբերի 27-ին Վեհափառ Հայրապետը հերթական հանդիպում ունենալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին հետ, Անոր ներկայացուց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետևանքով ստեղծուած իրավիճակը, կարևորելով Սրբազան Քահանայապետին կոչը` հակամարտութեան դադրեցման և խաղաղութեան վերահաստատման գործին մէջ։

Եւ ահա այսօր երկօրեայ այցելութեան մը ընթացքին, Լեւոն ԺԴ Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն անդին, Գարեգին Բ.ը տարբեր զրոյցներ ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Վերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն հետ` ինչպէս Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի, Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրտ Քոխի, Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսայի, ապա Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ու Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի, որուն հետ բաժնեկցեցաւ նաեւ կէսօրուան ճաշը։

Գերշ. Խաժակ Սրբազանին յայտարարութիւնը 

Ռատիօ վատիկան - Վատիկան Նիուզի Հայկական Բաժանմունքի խմբագրութիւնը կապ հաստատելով` Սուրբ Աթոռի մօտ Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, Գերշ. Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի հետ, Անորմէ իմացաւ որ Վեհափառին հանդիպումները տեղի ունեցան եղբայրական, մտերիմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցական զանազան հարցեր ու շեշտը դրուեցաւ նաեւ Արցախահայութեան ճակատագրի հարցին վրայ։

Գերաշնորհ Սրբազան Պարսամեանը նշեց նաեւ` որ Գարեգին Բ.-ի Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին միջեւ  շատ մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Քահանայապետին հրաւէր ուղղեց այցելելու Հայաստան։ Անոնք ապա խօսեցան խաղաղութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն, շեշտած է Վեհափառ Հայրապետը։

Գարեգին Բ կ՜աղօթէ Ֆրանչիսկոս Պապին շիրիմին մօտ
Գարեգին Բ կ՜աղօթէ Ֆրանչիսկոս Պապին շիրիմին մօտ

Յայտնենք որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հռոմէն չմեկնած այցելեց նաեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը յարգանքի տուրք մատուցելու Ֆրանչիսկոս Պապին ու աղօթելու տաճարի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2025, 12:07