Որոնել

«Իմ սուրբ Ֆրանչիսկոսս» Ֆրանչիսկոս Պապին գիրքը «Իմ սուրբ Ֆրանչիսկոսս» Ֆրանչիսկոս Պապին գիրքը  

Ֆրանչիսկոսը եւ Սուրբ Ֆրանչիսոսը, յետմահու գիրք մը։ Լեւոն ԺԴ. Կարծես, թէ գրեթէ կրկին կը լսենք անոր Անոր ձայնը

Ասսիզզի վանքին մէջ ներկայացուեցաւ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի «Իմ Ֆրանչիսկոսը» վերնագիրով գիրքը, որ լոյս պիտի տեսնէ սեպտեմբեր 18ին ու արդիւնքն է Ֆրանչիսկոս Պապին, Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարինալ Սեմերարոյի հետ ունեցած զրոյցին ։ Գիրքին մէջ մէջ ներառուած է նաեւ Լեւոն ԺԴ Պապին նամակը ու կը կրէ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիթերթօ Փարոլինը նախաբանը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեց Իր նախորդը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, Պերկոլիոյի յետ մահու հրատարակուած «իմ Ֆրանչիսկոսը» վերնագիրով գիրքին մէջ ներառուած նամակին մէջ։ Գիրքը լոյս պիտի տեսնէ սեպտեմբեր 18ին ու արդիւնքն է Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբերու դաստի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին միջեւ ունեցած զրոյցին ու կ՝ուսումնասիրէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի միջեւ խոր կապը, որ ոգեշնչած է Անոր անունը։

Լեւոն ԺԴ Պապին նամակը եւ Ֆրանչիսկոսի առաքելութիւնը

Մայիս 22 թուակիր նամակին մէջ, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կարդինալ Սեմերարոյի գիրքին համար ու կ՝ընդգծէ, թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը ոչ միայն ընտրեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի անունը, այլ ձգտեցաւ նմանիլ Սուրբին առաքելութեան ու յիշեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մահը՝ որ տեղի ունեցաւ ապրիլ 21ին, մէջբերելով գիրքէն հատուած մը, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը կը խորհրդածէ կեանքի աւարտի պատրաստութեան մասին համարելով զայն «տարեցներու համար շնորհք»։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետքերը Ֆրանչիսկոս Պապին գահակալութեան մէջ։

Գիրքին նախաբանին մէջ կարդինալ Փարոլինը գրեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մէջ գտած է ընկեր մը եւ ոգեշնչում աղբիւր՝ Աւետարանով ապրելու համար եւ Սուրբ Ասիզացցի ազդեցութիւնը ակնայայտ է Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութեան, յարաբերութիւններուն եւ վարքագիծի մէջ, ինչ որ գիրքը կը դարձնէ տեսակ մը «հոգեւոր վկայութիւն», որ կը նկարագրէ այն պահերը, երբ Ֆրանչսիկոս Պապը իր կեանքը ապրեցաւ հետեւելով Սուրբ Ֆրանիչիսկոս Ասիսզացցի օրինակին։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակը, Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան «մեկնաբանական բանալի»։

Ասիզիի մէջ կայացած գիրքի շնորհանդէսի ժամանակ, կարդինալ Սեմերարօ վերահաստատեց, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակը ներթափանցած է Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան ոճը։ Ծիրանաւորը Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սրբութիւնը սահմանեց, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին ծառայութեան մեկնաբանական բանալի յայտնելով, թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը ոգեշնչուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոսէն Իր շրջաբերական նամակներուն համար, որոնց շարքին «Laudato Si'»-ն և «Fratelli Tutti»-ն։ Կարդինալ Սեմերարոն նաեւ ընդգծեց, Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրանքը՝ աշխարհը դիտարկելու «ծայրամասերէն» եւ խթանել դուրս եկող եկեղեցին, կ՝արտացոլայ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հարազատ ոճը։

Խաղաղութեան հանդէպ յանձնառութիւն եւ մահուան մասին խորհրդածութիւն

Կարդինալ Սեմերարոն վերջապէս ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնառութիւնը խաղաղութեան, արժէք մը, որ կը կիսէ նաեւ Լեւոն ԺԴ Պապը նշելով թէ  երկուքն ալ համոզուած են, թէ խաղաղութեան մասին խօսիլը նման է «սերմեր ցանելու մէջ», որոնք կը ծլին մարդոց սիրտերուն մէջ։

Ծիրանաւորը գիրքի շնորհանդէսին  արտասանած խօսքը եզրափակեց արտայայտելով իր զգացումները գիրքի այն հատուածին նկատամբ, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը խորհրդածէ իր ծերութեան եւ մահուան պատրաստութեան մասին՝ նիւթ մը, որ ողբերգականօրէն մարգարէական դարձաւ, Անոր՝ 2025 թուականին մահունէ ետք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2025, 11:32