Որոնել

PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Չկայ ապագայ հիմնուած բռնութեան, բռնի տեղահանումի եւ վրէժխնդրութեան վրայ. Լեւոն ԺԴ

Ժողովուրդները կարիքը ունին խաղաղութեան ու ան որ զիրենք իսկապէս կը սիրէ կը գործէ խաղաղութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 21 սեպտեմբեր 2025-ի կէսօրին իր գրասենեակի պտուտահանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. ողջոյնի խօսքը մը ուղղեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներուն  ու հաղորդամիջոցներու միջոցաւ կապուած հաստատողներուն։

«Խօսքս կ՛ուղղեմ նախ եւ առաջ կաթողիկէ տարբեր ընկերակցութիւններուն, որոնք ներգրաւուած են Կազայի ժողովուրդին զօրակցութեան գործին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը իր գնահատանքը արտայայտելով անոնց եւ այլ ձեռնարկներուն որոնք «համայն Եկեղեցւոյ մէջ կ՛արտայայտեն մօտիկութիւն, այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք կը տառապին այդ մարտիրոս հողին վրայ»։

«Ձեր հետ եւ Սուրբ Երկի մէջ Եկեղեցիներու Հովիւներուն հետ միասին կը կրկնեմ. Չկայ ապագայ հիմնուած բռնութեան, բռնի տեղահանումի եւ վրէժխնդրութեան վրայ։ Ժողովուրդները կարիքը ունին խաղաղութեան ու ան որ զիրենք իսկապէս կը սիրէ կը գործէ խաղաղութեան համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը այս խօսքերը արտասանելով դանդաղ առոգանութեամբ ու մերթ ընդ մերթ կանգ առնելով։

Ան ապա ողջունեց ուխտաւորներու տարբեր խումբերը որոնց շարքին նաեւ կրօնաւորական հաստատութիւններու անդամները ու երգչախումբեր յատուկէն մտաբերելով նաեւ Ալցհայմըրի հիւանդութենէն տառապողները։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2025, 12:36