2025.09.11 Nuovi Vescovi e Vescovi dei Paesi Missione

«Եպիսկոպոսը ծառայ է, Եպիսկոպոսը կանչուած է ծառայելու ժողովուրդի հաւատքին». Լեւոն ԺԴ. նոր եպիսկոպոսներուն

Լեւոն ԺԴ առ այդ հրաւիրեց եպիսկոպոսները միշտ զգօն ըլլալու եւ քալելու խոնարհութեամբ եւ աղօթքով, որպէսզի ծառայ դառնան ժողովուրդին, զոր Տէրը անոնց կը յանձնէ, եւ ըլլալու նաեւ Աստուծոյ մօտիկութեան շօշափելի նշան մը` հանդէպ ժողովուրդին, ինչպէս կ՜ըսէր Ֆրանչիսկոս Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Շնորհքը` որ ընդունած էք ձեզի համար չէ այլ Աւետարանին ծառայելու համար է». Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին յորդորն է սա, զոր Ան` հինգշաբթի 11 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ուղղեց Հռոմի մէջ Եպիսկոպոսներու վերապատրաստման դասընթացքի մասնակցող նոր եպիսկոպոսներուն, որոնց շարքին էր նաեւ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանը, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդը։

Սրբազան Պապը վերջին տարուայ ընթացքին ձեռնադրուած եպիսկոպոսները ընդունեց Վատիկանի Սիւնհոդոսի դահլիճին մէջ։ Անոնք անցեալ 3 սեպտեմբերէն ի վեր մասնակցեցան իրենց վերապահուած կազմաւորման դասընթացքի մը, կազմակերպուած Վատիկանի Եպիսկոպոսներու, Արեւելեան Եկեղեցիներու եւ Աւետարանութեան Վերատեսչութիւններու կողմէ, որոնց Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ հանդիպման առիթով արտասանած ճառին սկիզբը։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը նորանշանակ եպիսկոպոսներու հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը նորանշանակ եպիսկոպոսներու հետ   (@VATICAN MEDIA)

Քահանայապետին  սրտաբուխ խօսքերը

Եպիսկոպոսներու հետ Հանդիպումը սկիզբ առաւ աղօթքով որմէ ետքը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Կարդինալ Անթոնիօ Թակլէն հուսկ Սրբազան Քահանայապետը անգլերէն լեզուով նշեց` թէ ինք պիտի խօսի իտալերէն լեզուով եւ աւարտին առիթ պիտի ընծայուի բոլորին հարցումներ ուղղելու եւ զրուցելու իր հետ։

«Երբ դուք ունիք 200 եպիսկոպոս և միայն մէկ Քահանայապետ, և քիչ ժամանակ, պէտք է` որ լաւագոյն կերպով օգտագործենք զայն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. բացատրելով որ օրը բաժանուած է երկու մասերու ու թէ ժամը 11 ժամանակները նախատեսուած է ընդմիջում մը, հուսկ երկրորդ մասը վերապահուած պիտի ըլլայ անհատական հանդիպումներու «իրար բարևելու, գեղեցիկ լուսանկար մը առնելու, որ կարող էք կախել ձեր եպիսկոպոսական տան որևէ տեղ» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց ներկաները այժմէն իսկ մտածելու իրենց ուղղելիք հարցումներու կամ կիսուելիք գաղափարներու մասին ապա սկիզբ տուաւ Իտալերէն լեզուով ճառի ընթերցումին։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը նորանշանակ եպիսկոպոսներու հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը նորանշանակ եպիսկոպոսներու հետ   (@VATICAN MEDIA)

Ծառայութիւնը եպիսկոպոսի ինքնութեան մաս

«Դուք ընտրուեցաք եւ կոչուեցաք, որպէսզի առաքուիք, որպէս Տիրոջ առաքեալները եւ հաւատքի ծառաներ», ըսաւ  Քահանայապետը հաստատելով, որ «Եպիսկոպոսը ծառայ է, Եպիսկոպոսը կանչուած է ծառայելու ժողովուրդի հաւատքին» եւ ասկէ մեկնելով խօսքը կեդրոնացուց ծառայութեան իմաստին վրայ, որ ըսաւ Ան, «եպիսկոպոսին ինքնութեան մաս մըն է, հիմնուած Յիսուսի օրինակին վրայ, որ դարձաւ աղքատ մեզ հարստացնելու համար»։

«Ան որ ձեր մէջ մեծը կ՛ուզէ ըլլալ թող բոլորին ծառան ըլլայ»

Ակնարկելով ապա Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն Քահանայապետը ընդգծեց, թէ ինչպէս Ան կը հաստատէ` որ «Նախ և առաջ, ան որ կը ղեկավարէ ժողովուրդը, պէտք է հասկնայ, որ ինքը շատերուն ծառան է» (Ճառ 340/A, 1) ու նաեւ յիշեցուց թէ Առաքեալներուն միջեւ եւս «որոշակի մեծութեան մոլուցք» յառաջացաւ, որուն համար Յիսուս ստիպուած եղաւ միջամտել ըսելով, որ «Ան որ ձեր մէջ մեծը կ՛ուզէ ըլլալ թող բոլորին ծառան ըլլայ»։ Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ կը կրկնէր որ «մեզի տրուած միակ իշխանութիւնը` ծառայութիւնն է», Հեզ ծառայութիւնը եւ իրապէս կարեւոր է, որ մենք խոկանք այս խօսքերու մասին ու ջանանք ապրիլ զանոնք» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը նորանշանակ եպիսկոպոսներու հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը նորանշանակ եպիսկոպոսներու հետ   (@VATICAN MEDIA)

Ըլլալ Աստուծոյ մօտիկութեան շօշափելի նշան

Ան առ այդ հրաւիրեց եպիսկոպոսները միշտ զգօն ըլլալու եւ քալելու խոնարհութեամբ եւ աղօթքով, որպէսզի ծառայ դառնան ժողովուրդին, զոր Տէրը անոնց կը յանձնէ, եւ ըլլալու նաեւ Աստուծոյ մօտիկութեան շօշափելի նշան մը` հանդէպ ժողովուրդին, ինչպէս կ՜ըսէր Ֆրանչիսկոս Պապը

Առաքելական ոճ

Եպիսկոպոս ըլլալը կը նշանակէ ունենալ առաքելական ոճ, որ բաղկացած է քարոզչութիւնէ, հովուական խնամքէ և հոգևոր կառավարումէ՝ ստեղծագործութեամբ և ժամանակակից մարտահրաւէրներուն ուշադրութիւն դարձնելով, նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը այս մարտահրաւէրներու շարքին դասելով հաւատքի ու անոր փոխանցման տագնապը, հոգեւորականութեան նոր ձեւերու որոնումը ապա մշակութային եւ ընկերային մարտահրաւէրները, պատերազմի եւ բռնութեան ողբերգութիւնը, աղքատներուն տառապանքը, աւելի եղբայրական ու զօրակից աշխարհի մը գոյութեան շատերուն ձգտումը, հուսկ մեզ հարցաքննող բարոյական մարտահրաւէրները` ինչպիսիք է կեանքի եւ ազատութեան արժէքը….

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը նորանշանակ եպիսկոպոսներու հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը նորանշանակ եպիսկոպոսներու հետ   (@VATICAN MEDIA)

Հոգատար եւ ուշադիր հովիւներ

«Այս շրջագիծին մէջ Եկեղեցին ձեզ կ՛ ուղարկէ որպէս հոգատար, ուշադիր հովիւներ, որոնք գիտեն, թէ ինչպէս կիսել ժողովուրդին ճանապարհը, հարցերը, անհանգստութիւնները և յոյսերը. հովիւներ` որոնք կը ցանկանան ըլլալ առաջնորդներ, հայրեր և եղբայրներ քահանաներու, հաւատքի քոյրերու և եղբայրներուն համար» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ ներկաներուն հաւաստիացնելով իր աղօթքները, «որպէսզի անոնց երբեք չպակսի Սուրբ Հոգիին շունչը եւ որպէսզի անոնց Ձեռնադրութեան ուրախութիւնը, որպէս քաղցր բուրմունք, տարածուի նաեւ անոնց վրայ որոնց պիտի ծառայեն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2025, 09:55