2025.09.22 Indonesiani residenti a Roma

Եղէ՛ք հաղորդութեան մարգարէներ աշխարհի մը մէջ, որ կը փորձէ բաժնել Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի ինտոնեզիական կաթողիկէ համայնքին՝ Ինտոնեզիա կատարուած Քահանայապետական այցելութեան առաջին տարեդարձի եւ Սուրբ Աթոռի ու Ինտոնեզեայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 75ամեակի առթիւ, ընդգծելով «բազմազանութեան մէջ միասնութեան», ինչպէս նաեւ յանուն խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան երկխօսութեան, յարգանքի եւ համագործակցութեան ամուր կապեր զարգացնելու կարեւորութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 22 Սեպտեմբերին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ներս ընդունեց Հռոմի ինտոնեզիական կաթողիկէ համայնքի շուրջ 200 անդամները եւ Երկիրը ներկայացնող քաղաքացիական իշխանութեան տարբեր ներկայացուցիչները։ Շարժառիթը՝ երկու նշանակալից իրադարձութիւններու տարելիցերն էին.

Առաջինը՝ լրացաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Ինտոնեզիա ճամբորդութեան մէկ տարին, որ տեղի ունեցած է 2024-ի Սեպտեմբերին եւ երկրորդ՝ այս տարի կը նշուի Սուրբ Աթոռի եւ Ինտոնեզիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 75ամեակը։

Սուրբ Աթոռ – Ինտոնեզիա պատմական յարաբերութիւնները

Սրբազան Պապը պատգամին սկիզբը, իր ուրախութիւնը արտայայտելով հանդիպման համար, նկատել տուաւ, որ Սուրբ Աթոռը միշտ եղած է ինտոնեզիական ազգի կողքին՝ «ճանչնալով անոր անկախութիւնը ծնունդէն անմիջապէս ետքը»՝ յետագայ տասնամեակներու ընթացքին կառուցելով «երկխօսութեան, յարգանքի եւ խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան նկատմամբ համատեղ նուիրուածութեան վրայ» հիմնուած կապեր։

Ինտոնեզիա Քահանայապետական այցի նշանակութիւնը

Յիշատակելով, այնուհետեւ, Ֆրանչիսկոս Պապի մէկ տարի առաջ կատարած «պատմական այցը» Ինտոնեզիա՝ Նորին Սրբութիւնը համոզմունք արտայայտեց, որ այդ մէկը «խորացուց բարեկամութիւնը եւ յոյսի պատգամ բերաւ ձեր հսկայական կղզեխումբին»՝ աշխարհին, «Իսթիքլալի» հռչակագրի միջոցաւ, ներկայացնելով միջկրօնական համագործակցութեան շօշափելի դրսեւորում՝ համայն մարդկութեան բարօրութեան համար միասնութիւնը խթանելու նպատակով։

Յիշեցնենք, որ Ինտոնեզիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը Իսթիքլալի Աւագ Իմամի հետ ստորագրեց Խթանել կրօնական ներդաշնակութիւնը ի նպաստ մարդկութեան բարիքին խորագիրով «Իսթիքլալ 2024` Միասնական հռչակագիրը»։

Հաւատքի եւ միասնութեան արժէքը

Ասկէ մեկնելով, Սրբազան Հայրը ներկայ հանդիպումը բնութագրեց, որպէս «նշան հաւատքի եւ միասնութեան բարի պտուղներու» եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ հարեւաններու հետ պահպանուող ամուր կապերուն համար։ «Ծառայութեան այս լուռ գործողութիւնները կ’արտացոլեն Ինտոնեզիոյ՝ «միասնութիւն բազմազանութեան մէջ» կարգախօսը», յարեց Ան։

Զօրակցութեան առարկայական դրսեւորումներ

Ըսուածի շրջագիծէն ներս Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետը կարեւոր գնահատեց աւանդոյթներու պահպանման եւ մէկը միւսին նկատմամբ հոգատարութեան կարեւորութիւնը, «նոյնիսկ տունէն հեռու գտնուելու ատեն»։ Ան իր ոգեւորութիւնը արտայայտեց նաեւ Հռոմի ինտոնեզիական համայնքի կողմէ կիրառած զօրակցութեան շօշափելի դրսեւորումներէն՝ նոր գաղթականները ընդունելէն մինչեւ ազգային մշակոյթը տեղական համայնքներու հետ բաժնեկցիլը, որ, ըսաւ Պապը, «հանդիպումի մշակոյթի» յստակ օրինակներ են, ինչը խաղաղութեան եւ հաղորդութեան հիմքն է:

Հաղորդութեան մարգարէներ

Ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրեց ըլլալու հաղորդութեան մարգարէներ երկխօսութեան եւ բարեկամութեան ճանապարհին, որ ճիշտ է մարտահրաւէրներով լի է «աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կը փորձէ բաժնել եւ գրգռել», «սակայն կու տայ խաղաղութեան թանկարժէք պտուղը»։

Յորդորելով շարունակելու կամուրջներ կառուցել ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ հաւատքներու միջեւ, Լեւոն ԺԴ․ պատգամը աւարտեց վստահելով ներկաները Եկեղեցւոյ Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ հովանիին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2025, 12:12