Որոնել

Կազայի վրայ յարձակում Կազայի վրայ յարձակում  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. կապ հաստատած է Կազայի Ժողովրդապետին հետ իր մտահոգութիւնը յայտնելով տեղի ունեցածին համար

«Ժողովրդապետութիւնը կը շարունակէ օգնել այնտեղ ապաստան գտած մօտ 450 մարդոց և անոնց, որոնք իրենց կը դիմեն, բաժնելով սնունդ և ջուր և բաց պահելով ներքին դեղատունը»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հեռախօսային կապ հաստատեց Կազայի Ժողովրդապետ Հայր Կապրիել Ռոմանելլիին հետ, որ Քահանայապետին ներկայացուց իրավիճակի վերջին թարամացուները». Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունին աւելնցելով` որ «Ժողովրդապետութիւնը կը շարունակէ օգնել այնտեղ ապաստան գտած մօտ 450 մարդոց և անոնց, որոնք իրենց կը դիմեն, բաժանելով սնունդ և ջուր և բաց պահելով ներքին դեղատունը»:

«Աղօթատունը նոյնպէս կը շարունակէ իր աշխատանքը՝ սպասարկելով մանուկներուն եւ և երիտասարդներուն, ինչպէս նաև օգնութիւն տրամադրելով տարեցներուն և հիւանդներուն՝ հակառակ սրուող հակամարտութեան» նշեց միշտ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը, հաստատելով, որ «Սրբազան Պապը իր մտահոգութիւնը արտայայտեց տեղի ունեցածին համար, և Հայր Կապրիէլին ու բոլոր անոնց, որոնք կը դիմեն Ժողովրդապետութեան, վստահեցուց իր մօտիկութիւնը եւ աղօթքը»։

Քահանայապետին զրոյցը ԱՄՆ-ի նոր դեսպանին հետ

Պատասխանելով ապա մի քանի լրագրողներու հարցումին, հայող անցեալ շաբաթ օր` 13 սեպտեմբերին Լեւոն ԺԴ.-ի ԱՄՆ-ի նոր դեսպանին հետ ունեցած զրոյցի մասին, Տիար Մաթթէօ Պրունին, նշեց` թէ այս առիթով «Սրբազան Պապը հաստատեց, թէ ինք կ՛աղօթէ Շարլի Քիրքին, անոր կնոջ եւ զաւակներուն համար» ու թէ «մտահոգ է քաղաքական բռնութեան ի տես, որուն առընչութեամբ Սրբազան Պապը խօսեցաւ հռետորաբանութենէ և շահագործումէ զերծ մնալու անհրաժեշտութեան մասին, որոնք կը հանգեցնեն բևեռացումի եւ ոչ թէ երկխօսութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2025, 13:47