Լևոն ԺԴ- բացումը կատարեց Borgo Laudato si’ -ին. Ստեղծագործութեան հանդէպ հոգատարութիւնը իւրաքանչիւր մարդու կոչում է

Իւրաքանչիւր արարած դեր ունի աստուածային ծրագրին մէջ, առ աւելին մարդ արարածը, որ կոչուած է պատասխանատու կերպով պաշտպանելու արարչագործութիւնը։ Հասարակաց տան հոգ տանելը քրիստոնէական կոչում է, և Borgo Laudato si’ -ն կը ներկայացնէ այս առաքելութեան շօշափելի նշանը՝ կայուն կեանքի տիպար որը հիմնուած է հոգևորականութեան, կրթութեան, արհեստագիտութեան և շրջակայ միջավայրի հետ ներդաշնակութեան վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

5 սեպտեմբեր 2025 -ի յետմիջօրէին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս մեկնեցաւ Քասթել Կանտոլֆօ այս անգամ պաշտօնական բացումը կատարելու Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած եւ այժմ իրականութիւն դարձած «Borgo Laudato si’ » աւանին։

Նախ քան բացման պաշտօնական արարողութիւնը եւ Աւանի օրհնութեան կարգը Քահանայապետը առիթը ունեցաւ շրջանը կատարելու Աւանին ու ծանօթանալու անոր տարբեր վայրերուն, ուր հանգրուան կատարելով ողջունեց նաեւ այնտեղ աշխատող անձնակազմի ընտանիքներուն անդամները եւ այլ պաշտօնական հիւրեր ու Աւանի համագործակիցներ։

Ապա արարողութեան ընթացքին Մատթէոսի Աւետարանիչի վեցերորդ գլուխէն քաղուած աւետարանական ընթերցումէն ետքը Սրբազան Պապը քարոզը կեդրոնացուց Յիսուսին խօսքերուն վրայ, ուր Ան կը հրաւիրէ. «Նայիլ թէ ինչպէս կ՛աճին երկնքի թռչունները... եւ դաշտի շուշանները» (Մատթէոս 6։26,28) ընդգծելով թէ ինչպէս Յիսուս յաճախ իր ուսուցումներու ժամանակ յղում կատարած է բնութեան։

«Բուսական և կենդանական աշխարհը յաճախ Անոր առակներու ակնառու առանձնայատկութիւններն են։ Սակայն այս պարագային կայ յստակ հրաւէր՝ դիտարկելու և խորհելու արարչագործութեան մասին, գործողութիւններ, որոնց նպատակն է հասկնալ Արարչի սկզբնական ծրագիրը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «իւրաքանչիւր արարած կարեւոր եւ յատուկ դեր մը ունի այդ ծրագրին մէջ» եւ  իւրաքանչիւրը «լաւ բան» է, ինչպէս ընդգծուած է Ծննդոց գիրքին մէջ (տե՛ս Ծննդոց 1։1-29):

«Նոյն Աւետարանի հատուածին մէջ, թռչուններու և շուշաններու մասին խօսելով, Յիսուսը իր աշակերտներուն երկու հարց կու տայ. «Մի՞թէ դուք անոնցմէ աւելի արժէքաւոր չէք», ապա. «Եթէ Աստուած այդպէս կը հագցնէ դաշտի խոտը, ապա... առաւել ևս ձեզ պիտի չի՞ հագցնէ» (Մատթէոս 6։30)» շարունակեց Լեւոն ԺԴ դիտել տալով որ այս խօսքերով Յիսուս կ՜ուզէ ընդգծել արարչագործութեան մէջ մարդ արարածին վերապահուած յատուկ տեղը. Ամենագեղեցիկ  արարածը, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերով և նմանութեամբ»։

«Սակայն այս առանձնաշնորհումը կապուած է նաեւ մեծ պատասխանատուութեան մը՝ հոգ տանիլ միւս բոլոր արարածներուն, յարգելով Արարիչին ծրագիրը (տե՛ս Ծննդոց 2։15)» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով որ «հասարակաց տան խնամք տանիլը քրիստոնէական կոչում մըն է, որուն համար հարկաւոր է արարչութեան հետ վերագտնել ներդաշնակութիւնը, խոկալու համար մեր ապրելաձեւի ու մեր իտէալներու մասին ու խոկալու նաեւ Արարիչի մասին որ կ՛ապրի մեր մէջ եւ մեզ շրջապատող բաներուն մէջ։

«Borgo Laudato si’»-ն, որուն բացումը կը կատարենք այսօր, Եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւններէն մէկն է, որ նպատակ ունի իրականացնել «Աստուծոյ գործի պահապանները ըլլալու կոչումը» (Apostolic Exhortation Laudate Deum, 217). պահանջկոտ, բայց գեղեցիկ և հետաքրքիր առաջադրանք, որ կը կազմէ քրիստոնէական փորձառութեան հիմնական կողմը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ աւելցնելով նաեւ, որ Borgo Laudato si’ յոյսի սերմ մըն է, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի թողուց որպէս ժառանգութիւն, սերմ որ կարող է բերել խաղաղութեան եւ արդարութեան պտուղներ» եւ այդ մէկը կարելի է «Հաւատարիմ մնալով առաքելութեան, այն է ըլլալ մտքի, կառուցուածքի և գործողութեան շօշափելի տիպար, որ կարող է խթանել բնապահպանական փոխակերպումը կրթութեան և քրիստոնէականի միջոցաւ։

Այն, ինչ որ մենք կը տեսնենք այսօր , անսովոր գեղեցկութեան համառօտութիւնն է, ուր հոգևորութիւնը, բնութիւնը, պատմութիւնը, արուեստը, աշխատանքը և արհեստագիտութիւնը համակեցութեան մէջ են։ Այս է ի վերջոյ «Աւանին» նպատակը` ըլլայ վայր մօտիկութեան եւ ընկերային մտերմութեան։ Եւ այս բոլորը չի կարող մեզի չխօսիլ Աստուծոյ մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2025, 17:37