Խաղաղութեան աշխարհ. Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցի փոքրիկներուն շնորհաւորանքները Լևոն ԺԴ Պապին ծննդեան տարեդարձին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Շնորհաւոր ըլլայ Սրբազան Պապ խաղութեան աշխարհ մը քեզի համար», այս է նուէրը` զոր Պամպին Ճեզու Մանկական Հիւանդանոցի փոքրիկ հիւանդները ուզեցին ընծայել Լեւոն ԺԴ.ին, որ այսօր` 14 սեպտեմբերին, կը նշէ իր ծննդեան 70 ամեակը։
Սուրբ Աթոռի հիւանդանոցի խաղասենեակին մէջ ստեղծուած գունագեղ նկարներով փոքրիկները կը միանան Սրբազան Պապին ընտրուած օրէն ի վեր արտայայտած ցանկութեան՝ «խաղաղութիւն բոլորին և ամբողջ աշխարհին»։
Վերոնշեալ այս տողերը կը կարդանք Հիւանդանոցին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մը մէջ։
«Աստուած պատերազմ չ՛ ուզէր, Ան խաղաղութիւն կ՛ուզէ և կ՛աջակցի անոնց` որոնք յանձնառու են դուրս գալու ատելութեան պարոյրէն և հետևիլու երկխօսութեան ուղիին». Հաստատած էր անցեալ կիրակի օր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ արտասանած Հրեշտակ Տեառն աղօթքի ընթացքին Սրբազան Պապը և ահա բոլոր ազգութիւններու, կրօնի և մշակոյթներու երեխաները, որոնց նկարները պատկերացուած են ժպտացող դէմքով, Անոր կը վստահեցնեն իրենց ուրախ աջակցութիւնը» նշուած է միշտ վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ ուր ապա ընդգծուած է թէ ինչպէս փոքրիկները մեծ վստահութիւն ունին Քահանայապետին վրայ։
Արդարեւ այն վստահութեամբ` որ Ան կարող է ըլլալ երկխօսութեան ուղիներ յայտնաբերող ճիշտ մարդը, անոնք զայն պատկերացուցած են ձեռքը բռնած խաղաղութեան դրօշը՝ ձիթենի ճիւղի, աղաւնիի և Վատիկանի դրօշի նման սպիտակ ու դեղին գոյներով ներկուած Սուրբ Պետրոսի տաճարի միջև, մինչ բոլորին կ՜ըսէ. «Մի մտահոգուիք, ես կը լուծեմ հարցը»։
«Մենք քեզ շատ կը սիրենք, Սրբազան Քահանայապետ Լևոն Տասնչորսերորդ». Այս է այն մեծ ողջագուրումը, որ կը հասնի Քահանայապետին, Bambino Gesù հիւանդանոցի փոքրիկներէն` Նորին Սրբութեան ծննդեան տարեդարձին օրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
