Displaced Palestinians, fleeing northern Gaza move southward, in the central Gaza Strip

Կազայի մէջ թող յարգուի մարդասիրական միջազգային իրաւունքը. Լեւոն ԺԴ.

«Իմ խոր մօտիկութիւնս կը յայտնեմ Կազայի պաղեստինցի ժողովրդին» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ հրաւիրեց միանալու իր թախանձագին աղօթքին «որպէսզի շուտով ծագի խաղաղութեան եւ արդարութեան արշալոյսը»
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող աւելի քան երեսուն հինգ հազար հաւատացեալներուն նախ քան Իտալերէն լեզուով իր ողջոյնի խօսքը Սրբազան Պապը սրտաբուխ կոչ մը ուղղեց իր «մօտիկութիւնը արտայայտելով Կազայի պաղեստինցի ժողովուրդին», որ ըսաւ Ան, «կը շարունակէ ապրիլ վախի մէջ եւ վերապրիլ անընդունելի պայմաններուն մէջ, ստիպուած ըլլալով - անգամ մը եւս - բռնի տեղահանութեան իր սեփական հողերէն»։

«Ամենակարող Տիրոջ առջև, որ պատուիրած է «Մի՛ սպանէր», և ողջ մարդկութեան ներկայութեամբ իւրաքանչիւր մարդ միշտ ունի անխախտ արժանապատուութիւն, որ պէտք է յարգուի և պաշտպանուի» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ . Նորոգելով իր հրադադարի, պատանդներու ազատումի եւ դիւանագիտական բանակցային լուծումի դիմելու ինչպէս նաեւ միջ զգային մարդասիրական իրաւունքը յարգելու իր կոչը։

«Բոլորդ կը հրաւիրեմ միանալու իմ սրտաբուխ աղօթքին, որպէսզի շուտով ծագի խաղաղութեան եւ արդարութեան արշալոյսը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. որ ապա ողջունեց իտալացի հաւատացեալները ու նախ քան խօսքը եզրափակելը ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնք որոնք իր անուանակոչութեան օրուան առիթով իրեն յղեցին բարեմաղթանքներ։ «Շատ Շնորհակալ եմ» ըսաւ Ան ու բոլորին տուաւ իր օրինութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2025, 11:00